Հայոց Ցեղասպանութեան 99-րդ Տարելիցին Նուիրուած Ձեռնարկներ ԱՄԷ-ի Մէջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/04/unnamed46.jpg)
Ապրիլ 25-ին Արաբական Միացեալ էմիրութիւններու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 99-րդ տարելիցին նուիրուած ոգեկոչման երեկոյ: Իր ելոյթին մէջ ԱՄԷ-ի մօտ ՀՀ դեսպան Գեղամ Ղարիբջանեան, ներկայացնելով ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի ուղերձը ապրիլ 24-ի առիթով, ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ ՀՀ իշխանութիւններու եւ ողջ հայութեան համատեղ ջանքերը, կարեւոր համարեց պատմական արդարութեան հաստատման ուղղուած շարունակական պայքարի նշանակութիւնը:
Ելոյթներ ունեցան նաեւ ԱՄԷ-ի եւ Քաթարի մէջ Կաթողիկոսական փոխանորդ Հոգեշնորհ Տ. Մեսրոպ վարդապետ Սարգսեան:
Երեկոյի աւարտին Ապու Տապիի ՀՀ դեսպանութեան բակին մէջ տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն, որուն հետեւեցաւ Մեծ Եղեռնի զոհերու հոգեհանգստեան կարգ:
Ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն` ԱՄԷ-ի մէջ տեղի ունեցան շարք մը այլ ձեռնարկներ: Մասնաւորապէս, ապրիլ 24-ին Շարժայի Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն: Մեծ Եղեռնի զոհերուն յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ նաեւ Ապու Տապիի նորակառոյց Սբ. Նահատակաց եկեղեցւոյ բակին մէջ գտնուող խաչքարին առջեւ, իսկ նոյն օրը երեկոյեան, Շարժայի համալիրի §Փիեր Քէոսայեան» դահլիճին մէջ Հայաստանէն ժամանած դերասաններու կողմէ ներկայացուեցաւ Մեծ Եղեռնի 100-րդ տարելիցին նուիրուած §Կոմիտաս. յաւերժի ճամբորդ» բեմադրութիւնը` ՀՀ վաստակաւոր արուեստագէտներ Աննա Մայիլեանի եւ Սարգիս Նաջարեանի, ինչպէս նաեւ Գայիանէ Գրիգորեանի եւ Համասփիւռ Մանուկեանի մասնակցութեամբ: Այս մասին §Հայերն այսօրին» կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն: