Հայոց Ցեղասպանութեան 99-րդ Տարելիցին Նուիրուած ձեռնարկ Ուաշինկթընի Մէջ

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ գրասենեակէն, Ուաշինկթընի Հայ առաքելական եկեղեցիներու հոգեւոր առաջնորդները, ամերիկահայ համայնքային կազմակերպութիւններու եւ Ուաշինկթընի ու շրջակայ նահանգներու հայ համայնքներու ներկայացուցիչները ԱՄՆ-ի մէջ ՀՀ դեսպանութեան տարածքին մէջ տեղադրուած խաչքարին մօտ մասնակցած են Հայոց ցեղասպանութեան 99-րդ տարելիցին նուիրուած աւանդական ոգեկոչման արարողութեան:

Հայ համայնքային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները ծաղկեպսակներ զետեղած են յուշարձանին մօտ: Այնուհետեւ Ուաշինկթընի Հայ առաքելական Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եւ Սուրբ Խաչ եկեղեցիներու հոգեւոր առաջնորդներու կողմէ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ԱՄՆ Արեւելեան թեմի ներկայացուցիչ Վիգէն արքեպիսկոպոս Հայկազեանի գլխաւորութեամբ մատուցուած է Սբ. Պատարագ` նուիրուած Մեծ եղեռնի զոհերու յիշատակին:

Ձեռնարկին մասնակիցներուն ուղղուած իր խօսքին մէջ ԱՄՆ-ի մօտ ՀՀ դեսպան Թաթուլ Մարգարեան, բարձր գնահատելով Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման գործին մէջ իրականացուած ջանքերը, ընդգծած է, որ միայն միասնական հետեւողական գործունէութեամբ  հնարաւոր է յաղթահարել Թուրքիոյ  ժխտողականութեան եւ լռութեան պատը:

Scroll Up