Հայոց Ցեղասպանութեան 99-րդ Տարելիցին Նուիրուած Ձեռնարկ Փարիզի Մէջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/04/unnamed35.jpg)
Ապրիլ 24-ին Փարիզի քաղաքապետարանի հանդիսութիւններու սրահին մէջ կայացաւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած աւանդական ձեռնարկը, որ այս տարի նախաձեռնուեցաւ Փարիզի նորընտիր քաղաքապետ Անն Իդալգոյի կողմէ: Յիշատակի ձեռնարկին մասնակցեցան Ֆրանսայի մայրաքաղաքի քաղաքային իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ, պատգամաւորներ, ծերակուտականներ, բազմաթիւ քաղաքական եւ մշակութային գործիչներ, յայտնի անհատներ, հարիւրաւոր ֆրանսացիներ եւ ֆրանսահայեր:
Ձեռնարկին բացման խօսքով հանդէս եկաւ քաղաքապետ Անն Իդալգոն:
Վերջինս նշեց, որ երեւոյթները պէտք է կոչել իրենց անուններով, եւ ընդգծեց, որ Թուրքիոյ իշխանութիւններու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը անհրաժեշտութիւն է ողջ թուրք ժողովուրդին համար: Փարիզի քաղաքապետը խօսեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ծիրէն ներս մայրաքաղաքի իշխանութիւններու կողմէ իրականացուելիք ձեռնարկներուն` մասին:
Այնուհետեւ ելոյթներով հանդէս եկան Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգման խորհուրդի համանախագահներ Ֆրանք Փափազեանը եւ Արա Թորանեանը, որոնք, մեկնաբանելով Թուրքիոյ վարչապետի նախօրէին ըրած յայտարարութիւնները, ընդգծեցին Թուրքիոյ իշխանութիւններու կողմէ ժխտողական կեցուածքի անարդիւնաւէտ ըլլալը:
Ձեռնարկին եզրափակիչ խօսքով հանդէս եկաւ Ֆրանսայի մօտ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիտեչեան: Շնորհակալութիւն յայտնելով Փարիզի նորընտիր քաղաքապետին աւանդական ընդունելութեան շարունակականութիւնը ապահովելու համար` դեսպան Չիտեչեան նշեց. «Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին հաւատարմութիւնը, մարդու եւ ժողովուրդներու համընդհանուր իրաւունքներու եւ արժէքներուն նուիրուածութիւնը Ֆրանսայի մեծութեան վկայութիւններն են: Աշխարհի մայրաքաղաքներէն մէկը` Փարիզը, կ’ոգեկոչէ մեր նախնիներու յիշատակը: Արդէն տարիներ Ֆրանսան, որ օրէնքի ուժով Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած առաջին երկիրն է, նախագահի մակարդակով յարգանքի տուրք մատուցեց զոհերու յիշատակին: Հայաստանը կը գիտակցի եւ կարեւոր կը համարէ այս ամենը»: ՀՀ դեսպանը այնուհետեւ անդրադարձաւ Թուրքիոյ պաշտօնական դիրքորոշման` փաստելով, որ «Թուրքիոյ իշխանութիւնները այդպէս ալ չեն կրնար առերեսուիլ անցեալին եւ կը շարունակեն օրէ օր աւելի մխրճուիլ իրականութեան խեղաթիւրման անօգուտ քաղաքականութեան մէջ:
Աւարտելով իր ելոյթը` դեսպան Չիտեչեան յայտնեց, որ Անն Իդալգոն` որպէս հայ ժողովուրդի բարեկամ, միշտ սպասուած է Հայաստանի մէջ, եւ Փարիզի քաղաքապետին հանդիսաւոր կերպով փոխանցեց Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի կողմէ անոր ուղղուած պաշտօնական հրաւէրը: