Ալմելոյի Մէջ Բացուեցաւ Ցեղասպանութեան Զոհերու Յուշհամալիրը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/04/124.jpg)
Ալմելօ հայաշատ քաղաքին մէջ Ապրիլ 24-ին բացումը կատարուեցաւ Եւրոպայի մէջ իր տեսակին մէջ եզակի Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշահամալիրը: Այն կառուցուած է հայկական եկեղեցիներու նախագիծով` տասնըվեց սիւներու վրայ: Համալիրի հիմքը հանդիսացող տասնըվեց տուֆէ խաչքարերը պատրաստուած են Հայաստանի մէջ:
Բազմաթիւ հայեր Հոլանտայի հեռաւոր վայրերէն, նաեւ հարեւան երկիրներէն
ժամանած էին` յարգանքի իրենց տուրքը մատուցելու բարերար Քրիստիան Գելիճիի նախաձեռնութեամբ հիմք դրուած նահատակներու յուշհամալիրին:
Ալմելոյի քաղաքապետարանին մօտ, մինչ յուշարձանի բացումը, 100-ի հասնող թուրքեր խմբուած էին եւ կը բողոքէին յուշարձանի բացման առիթով: Անոնցմէ մէկը տեղական rtv oost հեռուստաալիքի լրագրողին բացատրած է, որ իբր ցեղասպանութիւն 1915 թուականին, որպէս այդպիսին, գոյութիւն չէ ունեցած, եւ Ալմելոյի հայկական եկեղեցին իբր փչացուցած է կանաչ տարածքը: Նոյն հեռուստաալիքի կայքէջը, սակայն, յղում կատարած է վիքիփետիայի De Armeense genocide ( Հայոց Ցեղասպանութիւն) էջին եւ աւելցուցած, որ ի թիւս շատ երկիրներու, Նիտերլանտները եւս այն ճանչցած է:
Թուրքերուն միացած են նաեւ ատրպէյճանցիներ, որոնք կրած են դրօշներ եւ ցեղասպանութիւնը մերժող պաստառներ` մասնաւորապէս պնդելով, որ այն պէտք է հետազօտեն պատմաբանները եւ ոչ թէ քաղաքական գործիչները:
Թուրք-ատրպէյճանական վայնասունը չէ խոչնդոտած յուշարձանի բացման պատշաճ արարողակարգը: Թուրքերու բողոքի մասին ոստիկանութիւնը նախօրօք տեղեակ եղած է:
Յուշարձանի բացման եւ անմեղ զոհերու յիշատակը յարգելուն իրենց մասնակցութիւնը ունեցած են Նիտերլանտներու մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ձիւնիկ Աղաջանեան, Նիտերլանտներու խորհրդարանի պատգամաւորներ, տեղի իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ, հայ համայնքի եւ եկեղեցական կառոյցի ղեկավարներ, բազմաթիւ հիւրեր:
Նիտերլանտական Օրագիր
clubs.ya.ru