Հայկ Դեմոյեանի Կարծիքով, Թուրքիոյ Անհրաժեշտ Է Աւելի Շատ Ժամանակ Ճշմարտութեան Հասնելու Համար

Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան արձագանքած է Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի յայտարարութեան` կապուած Հայոց ցեղասպանութեան հետ: «Արմէնփրէս»-ի փոխանցմամբ, Դեմոյեան ուղերձ յղած է  թուրք պաշտօնեային:

«Յարգելի պարոն վարչապետ: Այո, Դուք ճիշդ էք` ըսելով, որ «Ապրիլ 24-ը իւրայատուկ կարեւորութիւն կը կրէ իր մէջ Հայաստանի քաղաքացիներու եւ աշխարհի հայերու համար»: Բայց պէտք է ըսեմ, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ոչ միայն Հայաստանի պատմութեան եւ յիշողութեան, այլեւ Թուրքիոյ պատմութեան եւ յիշողութեան մաս է: Երբ Դուք կ’անդրադառնաք Հայոց ցեղասպանութեան հարցերուն, ուշադրութիւն դարձուցէք, որ Ձեր բառերը եւ քայլերը պէտք է ուղղուին առաջին հերթին թուրքերու նոր սերունդին, որոնք, ես կը կարծեմ, չեն ցանկար պիտակաւորուիլ որպէս ցեղասպան յանցագործներու յետնորդներ: Մենք` կենդանի մնացածներու յետնորդներս, նոյնպէս կը ցանկանք անոնց ունենալ որպէս գործընկերներ եւ ընկերներ, որոնք ազատ են իրենց մտածելակերպով եւ կը ցանկանք իմանալ ճշմարտութիւնը եւ ոչ թէ մէկ դար հնութեան սուտերն ու յօրինուածքները: Ես հպարտ կ’ըլլամ նման գործընկերներ ունենալու համար, որոնք կը գիտակցին Հայոց ցեղասպանութեան մասին ճշմարտութիւնը իմանալու անհրաժեշտութիւնը եւ ատոր հետեւանքներու դէմ պայքարիլը: Հատուած մը Ձեր յայտարարութենէն. «Թուրքիոյ մէջ, 1915 թուականի դէպքերու վերաբերեալ ազատօրէն տարբեր կարծիքներ եւ միտքեր արտայայտելը բազմակարծութեան հեռանկար է, ինչպէս նաեւ ժողովրդավարութեան եւ արդիականութեան մշակոյթ»: Իսկապէս հիասքանչ
յայտարարութիւն: Բայց թոյլ տուէք յիշեցնել, որ Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքի 301-րդ յօդուածը դեռեւս գոյութիւն ունի: Ինչպէ՞ս  Դուք
կ’առաջարկէք ինծի հասկնալ Ձեր յայտարարութիւնը, երբ ընդամէնը մի քանի օր առաջ Ձեր կառավարութիւնը ստեղծեց յանձնաժողով, որ պիտի աշխատի Հայոց ցեղասպանութեան ճշմարտութեան դէմ, ճշմարտութիւն մը, որ ընդունուած է շատ ցեղասպանագէտներու կողմէ, որոնց մէջ նաեւ շատ են իմ թուրք գործընկերները:

Թոյլ տուէք գուշակել: Կը կարծեմ, որ թրքական կառավարութեան անհրաժեշտ է աւելի շատ ժամանակ` ճշմարտութեան հասնելու համար:

Ապագայի նկատմամբ յոյսերով` Հայկ Դեմոյեան, Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն»:

armenpress.am

Scroll Up