Ցեղասպանագէտը Ներկայացուց Իր 55 Տարիներու Աշխատանքը` «Ականատես Վերապրողներու Վկայութիւններ» Գիրքը

Ցեղասպանագէտ Վերժինէ Սվազլեան Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակին ընդառաջ մամլոյ ասուլիս  հրաւիրած էր` ներկայացնելու իր 55 տարիներու աշխատանքը` «Հայոց ցեղասպանութիւն. Ականատես վերապրողներու վկայութիւններ» գիրքը, որ Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին հետ համատեղ հրատարակուած է 2011 թուականին` հայերէն եւ անգլերէն տարբերակներով:

««Հայոց ցեղասպանութիւն. Ականատես վերապրողներու վկայութիւններ» գիրքին մէջ ամփոփուած են 700 մարդու վկայութիւն: Հեշտ չէ եղած հանդիպիլ անոնց ու յուշերը գրի առնել, քանի որ ստալինեան շորշոփները դեռ կային»,-ըսաւ Վերժինէ Սվազլեան` նշելով, թէ ո՛չ միայն Հայաստանի մէջ գրի առած է ցեղասպանութեան վերապրածներու յուշերը, այլ` եղած է աշխարհի  շարք մը պետութիւններու մէջ, այցելած տարբեր երկիրներու ծերանոցներ, ուր նոյնպէս եղած են ականատեսներ:

Գիրքը նաեւ թրքերէն թարգմանութեամբ հրատարակուած է Թուրքիոյ մէջ, այն վաճառքի է: Գիրքի թարգմանութեան հեղինակը Ռաքըպ Զառաքօլուն է, որ վերջերս Հայաստան եկած էր` ներկայացնելու գիրքի թարգմանուած տարբերակը:
Ցեղասպանագէտի խօսքով` այս գիրքին մէջ բացի ուսումնասիրութիւններէ, որ կ’ընդգրկէ Ցեղասպանութեան մասին փաստեր, ընդգրկուած են նաեւ ժողովուրդի պատմութիւնները:

«Ոմանք կ’ուզեն Հայոց ցեղասպանութիւնը համեմատել հրէական Հոլոքոստի
հետ, բայց Հոլոքոստի նախնական տարբերակը մենք տեսած ենք Վանի եւ Մուշի մէջ,-ըսաւ Վերժինէ Սվազլեան:

«Մեզի պէտք չէ թուրքերու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը, մեզի պէտք է հատուցումը»,-աւելցուց ան:

tert.am

Scroll Up