Լիբանանի Հայկազեան Համալսարանի Սաները ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան Մէջ

Ապրիլ 22-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Լիբանանի Հայկազեան համալսարանի մարզական խումբերը, մարզիչները` Հայկազեան համալսարանի ուսանողներու գրասենեակի վարիչ Ռազմիկ Գաբրիէլեանի ղեկավարոթեամբ:

Հայկազեան համալսարանի պասքեթպոլի, ֆութպուլի, սեղանի թենիսի տղամարդոց եւ կանանց հաւաքականները Երեւանի մէջ կը   գտնուին ապրիլ 18-էն 25` Երեւանի պետական մանկավարժական եւ սլաւոնական համալսարաններու հաւաքականներու հետ մրցելու նպատակով:

Հրանոյշ Յակոբեան ողջունեց համալսարանի սաները նախարարութիւն այցելելու առիթով: Նախարարի պաշտօնակատարը կարեւոր համարեց Սփիւռքի մէջ հայոց լեզուի, մշակոյթի, կրօնի միջոցով հայ ինքնութեան պահպանումը, մեծ կարեւորութիւն տուաւ 21-րդ դարուն որակեալ կրթութիւն ստանալու անհրաժեշտութեան եւ կոչ ըրաւ երիտասարդներուն ըլլալու մրցունակ եւ պահանջուած մասնագէտներ:  Երիտասարդներու խնդրանքով Հրանոյշ Յակոբեան ներկայացուց Հայաստանի մէջ բարձրագոյն կրթութիւն ստանալու հնարաւորութիւնները եւ հեռանկարները, պատասխանեց անոնց հետաքրքրող հարցերուն:

Հանդիպման աւարտին երիտասարդները շնորհակալութիւն յայտնեցին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հիւրընկալութեան համար:

Բացի մրցոյթներուն մասնակցելէ, Հայկազեան համալսարանի սաները պիտի այցելելեն նաեւ տեսարժան վայրեր եւ պիտի մասնակցին դէպի Ծիծեռնակաբերդ քայլերթին:

Scroll Up