Օլանտ Պիտի Մասնակցի Ապրիլքսանչորսեան Ոգեկոչման Փարիզի Մէջ
Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ ներկայ պիտի գտնուի Հայոց ցեղասպանութեան 99-րդ տարելիցին նուիրուած պաշտօնական արարողութեան, որ տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 24-ի երեկոյեան Փարիզի Քանատա հրապարակին վրայ` Կոմիտասի արձանի առջեւ:
Ֆրանսայի նախագահի գրասենեակը հաստատած է այս տեղեկատուութիւնը:
Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը այսօր Armenews կայքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնած է Ֆրանսային, որ «Հանրապետութեան նախագահի միջոցով յարգանք պիտի մատուցէ Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն զոհերու յիշատակին»: «Ասիկա նշանակալի իրադարձութիւն է, որ պէտք է գնահատել ըստ արժանուոյն` նկատի ունենալով Ֆրանսայի միջազգային հեղինակութիւնը», – ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
«Հանրապետութեան նախագահի ներկայութիւնը ցոյց կու տայ անոր հաւատարմութիւնը իր յանձնառութիւններուն հանդէպ», – հաղորդագրութեան մէջ ընդգծած է Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը` նկատի ունենալով նախագահական ընտրարշաւի ժամանակ Ֆրանսուա Օլանտի տուած խոստումը Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցի արարողութիւններուն իր ներկայութիւնը բերելու մասին:
Ֆրանսական պետութեան ղեկավար ընտրուելէ ի վեր Օլանտ առաջին անգամ
ներկայ պիտի գտնուի Ապրիլքսանչորսեան պաշտօնական արարողութեան:
«Ներկայութիւն` իր Հայաստան մեկնելու նախօրեակին, միջազգային լարուած իրավիճակի մէջ` դրոշմուած Քեսապի ցեղային մաքրազտմամբ, ինչպէս նաեւ թրքական կառավարութեան ժխտողականութեան արմատականացմամբ: Ֆրանսայի նախագահի խօսքը յատկապէս կարեւոր է եւ սպասելի ինչպէս Ֆրանսայի մէջ, այնպէս ալ անոր սահմաններէն դուրս գտնուող քաղաքացիներուն համար», – շեշտած է Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը` կոչ ընելով ֆրանսացիներուն բազմամարդ մասնակցութիւն ունենալ ապրիլքսանչորսեան արարողութեան:
azatutyun.am