Ս. Զատիկը՝ Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ. Կեանքի Յոյսը՝ Քրիստոսի Յարութիւնը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/04/10151374_307214869430525_5653847739867611645_n-300x225.jpg)
Հակառակ գաղութին մէջ տիրող տագնապալի պայմաններուն, հալէպահայութիւնը իր հոգեւոր պարտականութիւնը բարձր գիտակցութեամբ կատարեց:
Կիրակի, 20 ապրիլ 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ս. Զատկուան տօնին առիթով Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ:
Լեցուն էր Ս. Աստուածածին եկեղեցին, ներքնասրահը ու շրջափակը խուռներամ հաւատացեալներով:
Պատարագիչն էր Տէր Տրդատ քհնյ. Թաշճեան:
Նկատի առնելով, որ Թեմիս Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան կամքի անխախ պարագաներով՝ Հալէպի ճամբաներու փակ ըլլալուն համար կը բացակայէր: Սակայն իր ուղղած պատգամը հաւատացեալներուն, ընթերցեց պատարագիչ քահանան:
Սրբազանը բնաբան ընտրած էր «ԿԵԱՆՔԻ ՅՈՅՍԸ` ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ»:
Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութեան ու մեր ժողովուրդի վերյառնումին գաղափարները միազանգելով` Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան կը յայտնէր խաչին, տառապանքին, նեղութեան ու չարչարանքներուն յաջորդող պայծառ առաւօտեան` Յարութեան մասին:
ՍՏՈՐԵՒ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵՆՔ ԲԵՐԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԱՆ ԱՐՔ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆԻ ՍՈՒՐԲ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ
«Եթէ միայն այս կեանքին համար յոյս դրած ենք Քրիստոսի վրայ, մարդոց մէջ
ամենէն խղճալիներն ենք» (Ա. Կր 15. 19)
Այսօ՛ր, մեր Տիրոջ եւ Փրկչին` Յիսուս Քրիստոսի մեռելներու աշխարհէն յաղթական կերպով դուրս գալուն աւետիսը կը տրուի մարդկութեան: Այսօ՛ր, մեղքին ու մահուան դիմաց պարտուած մարդուն ազատութեան եւ փրկութեան հռչակագիրը կը հրապարակուի հրեշտակներուն բերնով, թէ «հոս չէ՛ ան, յարութի՛ւն առաւ» (Ղկ 24. 6): Այսօ՛ր, արեւածագին, խնկաբեր կիներ գերեզման կ’երթան օծելու Տիրոջ մարմինը եւ մտահոգութիւն ունին թէ ինչպէս պիտի գլորեն «ժայռափոր նոր բացուած գերեզմանի» վրայ դրուած «մեծ քար»ը (Մտ 27. 59-60), բայց ապշահար կը մնան տեսնելով որ քարը արդէն մէկ կողմ գլորուած է, իսկ գերեզմանը` բացի պատանքէն ու վարշամակէն, դատարկուած է: Տիրոջ մարմինը չկայ: Անոնք ահաբեկուած, թէեւ ներքնապէս մեծ ուրախութեամբ կը վերադառնան եւ կ’աւետեն աշակերտներուն, թէ «ողջ է» (Մր 16. 11): Յետոյ, շարունակութիւնը բոլորիս ծանօթ է, թէ ինչպէս յարուցեալ Տէրը յաջորդաբար տեսնուեցաւ իր աշակերտներուն, հաւատացեալներուն, Պօղոս Առաքեալին եւ կը շարունակէ իր երեւումները:
Մարդկութեան Փրկիչին հրաշափառ յարութեան հաւատացող քրիստոնէական եկեղեցւոյ առաջին սերունդը իսկապէս տեսաւ եւ իրողապէս շօշափեց Յարուցեալը: Անոնց համար յարութիւնը նոր ու նորոգուած կեանքն էր: Այդ սերունդը կեանքի նպատակակէտ դարձուց Յարուցեալին մասին ճշմարիտ վկայութիւնը տալ, նոյնիսկ երբ մարդիկ «ցնդաբանութիւն համարեցին անոնց պատմածները եւ չհաւատացին» (Ղկ 24. 11) կամ սպառնացին ու զանոնք հալածեցին, սակայն Յարուցեալին հետեւորդները բացարձակ վստահութեամբ եւ ստուգութեամբ շարունակեցին փրկութեան աւետիսը տարածել` քարոզել աշխարհին: Քրիստոսի յարութեամբ կեանքի նոր ընթացք մը բացուեցաւ յուսակտուր մարդկութեան առջեւ, որովհետեւ «մեռելներու յարութեան առաջին օրինակ»ը (Ա. Կր 15. 20) ապահովագրեց իրեն հաւատացողներուն յաւիտենական կեանքը:
Քրիստոնէական յարութեան յոյսի քարոզիչը` հեթանոսաց առաքեալը, իր զգաստացնող խօսքերով, ներկայ ժամանակներու մարդկութեան ու մեր սերունդին առջեւ կը դնէ հիմնական եւ լուրջ խնդիր մը: Կեանքը երկրաւոր, նիւթեղէն ու սահմանափա՞կ երեւոյթ մըն է, թէ՞, երկնային, հոգեւոր ու անսահման իրականութիւն է: Եւ առաքելական աստուածաշունչ վճիռը յստակօրէն կը զանազանէ Քրիստոսի յարութեամբ վերստեղծուած նոր մարդկութիւնը, «ամենէն խղճալիներ»էն, որոնք եթէ անգամ յոյս ունին, սակայն միմիայն «այս կեանքին համար» եւ կ’ապրին մեռնելու համար, եւ ո՛չ թէ կը մեռնին, Քրիստոսի յարութեան հաւատքով ապրող հաւատացեալներուն նման, յաւիտենական կեանքին արժանանալու վստահութեամբ:
Առաքելական պատգամը, Յարուցեալին պատգամին հետեւողութեամբ, չ’անտեսեր եւ չ’ուրանար նաեւ ա՛յս կեանքին կարեւորութիւնը: Այս կեանքը բացայայտօրէն Աստուծոյ պարգեւն է մարդկութեան: Երկրածին ու հողեղէն մարդը մարմինով, միտքով ու հոգիով կ’ապրի եւ կը գործէ տեսանելի ու նիւթեղէն աշխարհին մէջ: Քրիստոս ի՛նք մարմնացաւ այս կեանքին մէջէն մարդը փրկութեան առաջնորդելու համար: Տէրը իր ստեղծած մարմինը պատուեց ու զայն մաքուր պահել թելադրեց, սակայն Անոր գերագոյն ձգտումն ու նպատակը ո՛չ այս կեանքին կամ այս աշխարհին համար էր, այլ` Իր միջոցով հոգի Աստուծոյ հետ մշտական հաղորդակցութեան ճամբով հոգեղէն, լուսաւոր եւ երջանկութեամբ ողողուած յաւիտենական կեանքին համար: Մեր Տէրը մարդացաւ, նեղութիւններ, չարչարանքներ եւ խաչելութեամբ անարգանքներ կրեց մարդկութեան յոյս ներշնչելու ա՞յս կեանքին մէջ ու ա՞յս կեանքին համար: Եթէ նմանօրինակ ըմբռնում մը ձեւակերպուի մեր անհատական, ընտանեկան ու հաւաքական կեանքին մէջ, մենք եւս «ամենէն խղճալիներն ենք»:
Այսօր մարդկութեան առաւելագոյն տոկոսը կ’ապրի «այս կեանքին համար» եւ իր ծրագիրները կը մշակէ երկրաւոր կեանքը լաւագոյնս վայելելու հեռանկարով: Զարմանալիօրէն այնքան բնական կը թուի ըլլալ ա՛յս ըմբռնումը, խորապէս «այս աշխարհի մարդոց» եւ «այս աշխարհի իշխանին» յատուկ վարքագիծը, որ «քրիստոնէական» պիտակին տակ մոլեխինդի պէս եկեղեցին կը կրծէ ներսէն եւ հոգեւոր ու բարոյական գահավիժումը անխուսափելի կը դարձնէ, որուն ի տես ընդհանուր յուսահատական ոգի մը կը սփռուի «հաւատացեալ» կարծուած հաւաքականութեանց եւ համայնքներուն մէջ:
Այս կեանքին համար ապրողները յարութեան յոյսը չեն կրնար խորապէս եւ ներքնապէս ունենալ, քանի իրենց կապուածութիւնը, գործունէութիւնը, նպատակն ու վախճանը լոկ ա՛յս աշխարհին մէջ ու միայն ա՛յս աշխարհին համար է:
Այս կեանքին համար ապրողները հոգիին ու անոր գոյառումի աղբիւրին` Աստուծոյ եւ Անով շարունակուող կեանքին չեն հաւատար, չեն կրնար հաւատալ, որովհետեւ նիւթեղէն աշխարհի իրականութենէն անդին խորհելու կամ ընդունելու կարելիութիւնն ու կարողութիւնը չունին:
Այս կեանքին համար ապրողները ընդհանրապէս առանց յոյսի կ’ապրին եւ «յոյս»ը անորոշ կամ տարտամ փափաք մըն է, որ կրնայ իրականանալ միմիայն երկրի վրայ եւ իրենց ապրած տարիներուն համար:
Քրիստոսի յաղթական յարութիւնը կ’ամրապնդէ մեր յոյսը, թէ՛ ապրելու եւ թէ գալիքին հանդէպ: Մենք այդ յոյսը Իր յարութեամբ շահեցանք, եւ յոյսը` նոր իմաստ, նշանակութիւն եւ ուժականութիւն ստացաւ. դադրեցաւ պարզ բաղձանք մը ըլլալէ. վերածուեցաւ ապրող եւ ապրեցնող իրականութեան: Քրիստոսի կենդանի յոյսը այն իրական ու վստահելի ակնկալութիւնն է, ներկայիս` Անոր ներգործութեան մեր անձերուն ու մեր կեանքին մէջ, իսկ ապագային` Աստուծոյ հաւատարիմ ներկայութեան անվախճան կեանքին համար: Յիսուս Քրիստոսի յարութեան շնորհիւ, մեր կենդանի Յոյսը եւ մեզ կենդանացնող Յոյսը կ’անդրանցնի ներկայ կեանքի եւ նոյնիսկ` մահուան սահմանները, որովհետեւ Քրիստոս իր յարութեամբ յաղթեց կեանքի օրերը խափանող ու սահմանափակող մահուան, իսկ մեր ներկայ գործունէութեան ու գալիք կեանքին համար մեզի պարգեւեց ներկան ապրելու նոր իմաստ եւ նոր արժէք: Արդարեւ, Քրիստոս-Յոյսը ունեցողը եւ այդ յոյսով ապրողը միայն կրնայ ամբողջանուէր ծառայութեան մէջ ըլլալ` ազգին, եկեղեցւոյ, հայրենիքին եւ ողջ մարդկութեան համար:
Մարդկութեան ներկայ տագնապին դիմաց, Հայ Եկեղեցւոյ զաւակներս, յատկապէս սուրիահայերս ապրեցանք ու կը շարունակենք ապրիլ արհաւիրքին, սարսափին եւ աննկարագրելի նեղութեանց մէջ, սակայն անգամ մը եւս Յոյս-Քրիստոսը իր հրաշալի յարութեամբ կու գայ մեր էութեան, սիրտերուն եւ միտքերուն մէջ դրոշմելու յարութեան իրականութիւնը, պարգեւելու բացարձակ վստահութիւնը գալիքին նկատմամբ, զօրացնելու մեր կամքը վերականգնումի գիտակցութեամբ, մեղքին ու մահուան դիմաց տոկալու հաւատքի լաւատեսութեամբ եւ մտքի պայծառութեամբ վերակազմակերպելու մեր համայնքի ու ազգի կեանքը` ստեղծագործ ներկայութեամբ:
Սուրբ Յարութեան տօնին միասնաբար յուսադրուելու իւրայատուկ առիթը ունինք, Քրիստոսի ներկայութեան մէջ ապրելու ինքնուրոյն պահը ունինք, եւ Առաքեալը մեզ կը հրաւիրէ ապրելու Յարուցեալին հետ` յարութեան յոյսով:
Սուրբ Յարութեան տօնին հրաւիրուած ենք մեր աղօթքը բարձրացնելու Յոյսի ախոյեանին` մեր Փրկչին, որպէսզի յուսահատութեան ախտը ու մոլութիւնը հեռացնէ մեզմէ, յարութեան լոյսով փարատէ չարին խաւարային գործերը, Սուրիական հայրենիքին եւ անոր տառապող ժողովուրդին խաղաղութիւն պարգեւէ, իսկ մեր ժողովուրդին` վերապրելու յոյսը:
Սուրբ Յարութեան տօնին առիթով, յանուն մեր համայնքին ու թեմական իշխանութեան, մեր որդիական սէրն ու երախտագիտութիւնը կը յայտնենք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, որ սուրիական տագնապի ամբողջ ընթացքին իմաստուն առաջնորդութեամբ եւ յուսադրող ներկայութեամբ զօրացուց մեզ, իր լայն աջակցութիւնը բերաւ մեր համայնքի միասնական գործունէութեան ի խնդիր: Այս առիթով, կը շնորհաւորենք զատկական տօնը եւ կը մաղթենք արեւշատ օրեր ու բարի ծրագիրներու իրականացում:
Մեր շնորհաւորութիւնն ու օրհնութիւնները սուրիաբնակ մեր ժողովուրդին` հայ յարանուանութեանց, միութեանց, ընկերային, կրթական, բարեսիրական, մշակութային եւ մարզական կազմակերպութեանց, մաղթելով անխտիր բոլորին յարութեան յոյս, համբերութիւն եւ քաջառողջութիւն, անփորձանք ու անվտանգ օրերով լեցուն:
Քեզի կը դիմենք յարուցեալ Փրկիչ եւ մեր տկարութեանց, ընկրկումներուն, մեղանջումներուն ու յուսահատութեանց մէջ քեզի կ’ապաւինինք յոյսի փարոս, կեանքի ու յաղթանակի պարգեւիչ, խնդրելով որ պատերազմները լռեն, թշնամիներու յարձակումները դադրին, սէր եւ արդարութիւն հաստատուի մեր երկրին մէջ. Ամէն:
«Քրիստոս, մեր Յոյսը, յարեաւ ի մեռելոց, Օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի, ալէլուիա»:
Այս մասին կը յայտնէ PERIO NEWS-ի Facebook-եան էջը: