§Սփիւռք» Ամառնային Դպրոցի Մասնակիցները ՀՀ Ազգային Ժողովին Մէջ
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ իրականացուող §Սփիւռք» ամառնային դպրոցի լրագրողներու վերապատրաստման, երիտասարդ առաջնորդներու եւ Սփիւռքի հայկական կրթօճախներու ուսուցիչներու վերապատրաստման դասընթացներու մասնակիցները յուլիս 29-ին այցելեցին ՀՀ Ազգային ժողով:
§Սփիւռք» ամառնային դպրոցի մասնակիցները հանդիպեցան ՀՀ ԱԺ նախագահ Գալուստ Սահակեանի եւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի հետ:
Ողջունելով ներկաները` ԱԺ նախագահը նշեց, որ այսպիսի ծրագիրներ ոչ միայն Հայաստանը տեսնելու, հայերէն սորվելու հնարաւորութիւն կ’ընձեռեն Սփիւռքի մեր հայրենակիցներուն, այլեւ կը նպաստեն հայու ինքնութեան ամրապնդման, ազգային խնդիրները միջազգային հանրութեան ներկայացնելուն եւ համախմբուած գործունէութիւն ծաւալելուն: ՀՀ ԱԺ նախագահը, անդրադառնալով Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն, նշեց, որ Հայաստանը հզօր է Սփիւռքով, Լեռնային Ղարաբաղով եւ միասնական է ողջ հայութեան յուզող խնդիրներու լուծման գործին մէջ:
ՀՀ ԱԺ նախագահ Գալուստ Սահակեան պատասխանեց ամառնային դպրոցի մասնակիցներու հարցերուն, որոնք կը վերաբերէին Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան խորացման, սփիւռքահայութեան վերաբերող ծրագիրներու շարունակականութեան, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ուղղուած ձեռնարկներուն, ՀՀ վարած արտաքին քաղաքականութեան:
Անդրադառնալով արտագաղթին վերաբերող հարցին` ՀՀ ԱԺ նախագահը նշեց, որ նորանկախ Հայաստանը ունի հզօր ներուժ` իր շուրջը համախմբելու ողջ հայութեան, եւ տնտեսութիւնը զարգացնելու պարագային արտագաղթը էապէս կը նուազի:
Պարսկահայ համայնքի ներկայացուցիչին կողմէ հնչեց առաջարկութիւն` յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակից դարձնելու նաեւ սփիւռքահայութեան: ՀՀ ԱԺ նախագահը նշեց, որ ժամանակին այդպիսի առաջարկութիւն հնչած է նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի կողմէ: Ցանկալի է սփիւռքահայութեան մասնակցութիւնը հայրենիքի քաղաքական կեանքին, սակայն կան կազմակերպչական լուրջ խնդիրներ, որոնց լուծումը ժամանակ կը պահանջէ:
Հանդիպման աւարտին ՀՀ ԱԺ նախագահը համոզմունք յայտնեց, որ նմանատիպ ծրագիրներ պիտի բազմապատկուին, եւ Սփիւռքի հայկական համայնքներու ներկայացուցիչները հնարաւորութիւն պիտի ունենան Հայաստանի մէջ նաեւ կատարելագործելու հայերէնը:
ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց ԱԺ նախագահին ամառնային դպրոցի մասնակիցներուն հետ համդիպելու համար եւ նշեց, որ նման ծրագիրներ շարունակական պիտի ըլլան` նպաստելով Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան խորացման:
Սփիւռքահայ երիտասարդները ծանօթացան ՀՀ Ազգային ժողովի կառուցուածքին, գործունէութեանն ու ծրագիրներուն: Հանդիպման կը մասնակցէին շուրջ 120 սփիւռքահայ երիտասարդներ Ռուսաստանի, Ուքրանիոյ, Իրանի, Շուէտի, Ուրուկուէյի, Իտալիոյ, Վրաստանի հայկական համայնքներէն: