ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արաբօ» Մասնաճիւղ. Հայոց Ցեղասպանութեան 99-Ամեակի Ոգեկոչում
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արաբօ» մասնաճիւղին, երէկ` չորեքշաբթի, 16 ապրիլ 2014-ին տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկ` Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի խաղավայրին մէջ: Ձեռնարկէն առաջ, Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակը անմահացնող ծառատնկում մը տեղի ունեցաւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ. ծառատնկումի աշխատանքը օրհնեց Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Յակոբ քհնյ. Պզտիկեան: Ծառատնկումէն բոլոր մասնակիցները քայլարշաւով ուղղուեցան դէպի Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի խաղավայր, ուր զետեղուած էր ԼԵՄ-ի «Արաբօ» մասնաճիւղին կողմէ պատրաստուած միացեալ Հայաստանը ներկայացնող ձեռային աշխատանք մը:
ԼԵՄ-ի «Արաբօ» մասնաճիւղին անունով բացման խօսքը արտասանեց Նժդեհ Լափաճեան, որ ըսաւ. «99 տարիներ անցած են Հայոց ցեղասպանութենէն եւ թուրքը տակաւին կը շարունակէ ժխտումի իր քաղաքականութիւնը, իսկ հայ ժողովուրդը կը շարունակէ իր արդար դատի պայքարը` հասնելու մինչեւ ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան: Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս ՀՅԴ ԼԵՄ-ը կու գայ փաստը ըլլալու, որ ինք տէրն է այս դատին եւ պայքարի ջահը վառ կը պահէ»:
Ան իր խօսքը եզրափակեց յայտնելով, որ «մենք պիտի շարունակենք պայքարի ոգին, մինչեւ որ վերատիրանանք մեր արդար իրաւունքներուն եւ հողերուն»: Բացման խօսքէն ետք ցուցադրուեցաւ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած տեսերիզ մը: Ապա, Արա Թորոսեան ասմունքեց Վահան Թէքէեանի «Պիտի իյնաս» եւ «Ահաւոր բան մը այնտեղ» կտորները, որոնց շուիի վրայ կ՛ընկերակցէր Կասիա Էճիտեան:
Մելիք Գարագաւորեան
Օրուան պատգամը փոխանցեց Մելիք Գարագաւորեան, որ իր խօսքին մէջ յայտնեց, թէ «1915-ին թուրքը օգտուելով Համաշխարհային Ա. պատերազմի նպաստաւոր պայմաններէն, ձեռնարկեց հայ ժողովուրդի բնաջնջման գործին: Այսօր, նոյնպէս սուրիական բախումներուն թոհուբոհին պայմաններէն օգտուելով, Թուրքիա ուղղակի մեղսակից է հայկական Քեսապի իրադարձութիւններուն:
Գարագաւորեան խօսելով Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ հողերու պահանջատիրութեան հոլովոյթին մասին յայտնեց, որ այս հանգրուանը կ՛ենթադրէ վիթխարի աշխատանք, քարոզչական արդի միջոցներով աշխատանք` միջազգային զանազան կազմակերպութիւններու մօտ, Հայ դատի գրասենեակներու ցանցի ընդլայնում, համահայկական համադրուած ջանքեր, համայն հայութեան նեցուկը եւ երիտասարդութեան մասնակցութիւնը պահանջատիրական աշխատանքներուն մէջ` շեշտելով, որ պէտք չէ թոյլատրենք, որ հայութեան պարտադրուի Ցեղասպանութեան ճանաչումը առանց հողերու եւ իրաւունքներու հատուցման հայաւեր քաղաքականութեան:
Բանախօսութենէն ետք, Յարութ Լափաճեան` մեկնաբանեց երեք երգեր` «Ելէք հայեր», «Պիտի գնանք վաղ թէ ուշ» եւ «Թող հնչէ շեփոր»: Անոր ընկերակցեցան «Քրիստափոր» եւ «Հրայր Դժոխք» պատանեկան միութեանց կրտսեր պատանիները: Վերջապէս, Սերոբ Յակոբեան մեկնաբանեց չորս երգեր` ընկերակցութեամբ Կասիա Էճիտեանի` կիթառի վրայ եւ Սեդօ Պաղտասարեանի: