Թեհրանահայութեան Բողոքի Հանրահաւաքը` Ի Պաշտպանութիւն Սուրիահայութեան` Թեհրանի Մէջ ՄԱԿ-ի Գրասենեակին Առջեւ
Չորեքշաբթի` ապրիլ 16-ի առաւօտեան թեհրանահայ համայնքը, ի պաշտպանութիւն սուրիահայերու, Թեհրանի ՄԱԿ-ի գրասենեակի առջեւ դուրս եկած էր բողոքի ցոյցի, որմով կրկին եկաւ իր ձայնը միացնելու աշխարհասփիւռ հայութեան ցասումի ձայնին:
Պաստառներով եւ բարձրակոչ լոզունգներով ցուցարարներու մէջ էին Թեհրանի Հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ արքեպիսկոպոս Սարգսեանը, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ առաջնորդ Տ. Նշան արքեպիսկոպոս Գարաքեհէյեանը, Իրանի Իսլամական խորհրդարանին մէջ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր դոկտոր Կարէն Խանլարեանը, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վիգէն Բաղումեանը, «Ալիք» հաստատութեան ներկայացուցիչ Գեւիկ Մկրտչեանը, թեմի օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններու, ազգային իշխանութիւններու ու միութիւններու ներկայացուցիչներ:
Հանրահաւաքը սկսաւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հիմնով, ապա իրաւաբան Թալին Պանտարին պարսկերէն լեզուով ընթերցեց Քեսապի յարձակման եւ ատոր յաջորդող զարգացումներու մասին պատմող հակիրճ հաղորդագրութիւն, ուր կոչ կ’ուղղուէր նաեւ դատապարտելու իրողութիւնը:
Թեմիս առաջնորդ Տ. Սեպուհ արք. Սարգսեանն ալ իր ելոյթ-կոչին մէջ շեշտադրեց. «Թուրքիան ասկէ 99 տարիներ առաջ նոյն անմարդկային ոճրագործութիւնը իրագործեց երբ աւելի քան մէկուկէս միլիոն հայերուսպանդի պատճառ եղաւ: Եւ տակաւին կը շարունակէ իր ցեղասպան կեցուածքը ցեղասպանութեան ուրացումով:
Բայց թող ինքը եւ իր ժառանգորդները ու աշխարհի անարդար մարդիկ իմանան, որ հայ ժողովուրդը չէր ծնած մեռնելու` այլ ծնած էր ապրելու համար եւ այսօր 99 տարիներ ետք Տէր Զօրի անապատէն ծնունդ առած մեր ժողովուրդը մէկ մարդու պէս կը շարունակէ իր պայքարը:
Եւ այսօրուան մեր այս հաւաքը, սիրելինե´ր, ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ վկայութիւն այն ճշմարտութեան, որ մենք իբրեւ քաղաքացիներ Իրանի Իսլամական հանրապետութեան, ամէն ինչ կ’ընենք, որպէսզի արդարութիւնը իր տեղը գտնէ: Եւ այսօրուան այս հաւաքը միջազգային հանգամանք ունեցող այս գրասենեակին դիմաց կոչ կ’ընէ նաեւ միջազգային կազմակերպութեան` ՄԱԿ-ին, որպէսզի ինքը եւս հետամուտ ըլլայ արդարութեան եւ ոչ թէ խամաճիկը դառնայ Ամերիկայի եւ եւրոպական պետութիւններու: Մեր ակնկալիքն է, որ միջազգային ընտանիքը սթափի եւ տեսնէ պատմական ճշմարտութիւնները եւ ըստ այնմ կողմնորոշուի, որովհետեւ ժողովուրդներու պատմութիւնը չի կարելի կեղծիքի վրայ հիմնել»:
Դոկտ. Կարէն Խանլարեանն ալ, որ ցուցարարներու շարքին էր, իր խօսքին մէջ նշեց, որ. «Այսպէսով մենք կը ցանկանք մեր բողոքը յայտնել ՄԱԿ-ին եւ միջազգային ատեաններուն այս ահաբեկչական խումբերու վայրագութիւններու հետ կապուած: Միաժամանակ կը ցանկանք մեր ժողովուրդի, մեր համայնքի զօրակցութիւնը յայտնել մեր սուրիահայ համայնքին եւ մէկ անգամ եւս հաստատագրել, որ եթէ որեւէ վտանգ սպառնայ մեր ազգի որեւէ մէկ հատուածին, համայն հայութիւնը որպէս մէկ ազգ, այս հարցերուն մէջ կ’ըլլանք պահանջատէր եւ իրարու կը զօրակցինք»:
Միանշանակօրէն բոլոր ելոյթ ունեցողները իրենց խօսքին մէջ կը դատապարտէին Սուրիոյ մէջ ծաւալող իրադարձութիւնները` յատկապէս, երբ այն կ’ուղղուի հայ համայնքին Քաղաքական փորձագէտ Իսիկ Եուհանէսեան ընթերցեց վերջնագիրը, եւ համահաւաքի աւարտին ցուցարարներու անունէն վերջնագիրը փոխանցուեցաւ ՄԱԿ-ի ներկայացուցչութիւն:
Արմինէ Էլիազեան, Թեհրանի «Ալիք» թերթի լրագրող