Դեսպան Քոչարեանի Հանդիպումը Լիբանանի Նախագահին Հետ

Լիբանանի մօտ ՀՀ դեսպան Աշոտ Քոչարեան ապրիլ 15-ին հանդիպում ունեցած է   Լիբանանի նախագահ Միշէլ Սլէյմանի հետ: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ գրասենեակէն:

Բարձր գնահատելով երկու բարեկամ երկիրներու երկկողմ յարաբերութիւններու մակարդակը` կողմերը քննարկած են ատոնց խորացման հնարաւորութիւնները եւ ընդգծած միջազգային կազմակերպութիւններու ծիրէն ներս սերտ փոխգործակցութեան կարեւորութիւնը:

Հանդիպման ընթացքին դեսպան Քոչարեան նախագահ Սլէյմանին  փոխանցած է Հայաստանի խոր մտահոգութիւնը Քեսապի իրադարձութիւններու վերաբերեալ: Անդրադարձ եղած է նաեւ Լիբանանի ներքաղաքական խնդիրներուն, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային հարցերուն:

Զրոյցի աւարտին Լիբանանի նախագահը դեսպան Քոչարեանին խնդրած է իր ջերմ ողջոյնները փոխանցել ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանին:

Scroll Up