Մշակութային Ձեռնարկներու Շարք Ֆրանսայի Սէն-Թրոփէ Քաղաքին Մէջ

Ապրիլ 12-ին Ֆրանսայի Սէն-Թրոփէ քաղաքի կեդրոնական «ժան Տեսպա» դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ «Ճանապարհորդութիւն դէպի Հայաստան» խորագիրով մշակութային ձեռնարկներու շարքի հանդիսաւոր բացումը, արարողութեան մասնակցեցան Ֆրանսայի մօտ ՀՀ դեսպան` Վիգէն Չիտեչեան, Սէն-Թրոփէի քաղաքապետ` Ժան Փիեր Տիւուերը, տեղական կառավարման մարմիններու ղեկավարներ, Պուշ Տիւ Ռոն եւ Վառ շրջաններու հայ համայնքի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ, հարիւրաւոր հիւրեր:

ՀՀ դեսպանը իր ելոյթին մէջ երախտագիտութիւն յայտնեց Սէն-Թրոփէ քաղաքի ղեկավարներուն ձեռնարկները հիւրնկալելու եւ բարձր մակարդակով կազմակերպելու համար: Խօսելով Սէն-Թրոփէի մէջ «Ճանապարհորդութիւն դէպի Հայաստան» մշակութային ձեռնարկներու ծիրէն ներս  հայկական խաչքարերու արուեստի ցուցահանդէսի մասին` դեսպան Չիտեչեան անդրադարձաւ Ջուղայի խաչքարերու նկատմամբ իրականացուած բարբարոսութեան եւ պատմամշակութային արժէքներու դէմ ոտնձգութիւններու դատապարտման անհրաժեշտութեան հարցերուն:

Այնուհետեւ ներկաները հայ արուեստի պատմութեան փրոֆէսոր Փաթրիկ Տօնապետեանի ուղեկցութեամբ մասնակցեցան հայ ճարտարապետութեան ու խաչքարերու արուեստին նուիրուած ցուցահանդէսին: Ցուցահանդէսը, որն իր շրջագայութիւնը սկսած է անցած աշնան եւ արդէն ցուցադրուած է Քոմփիէն, Պիարից, Էքս-ան-Փրովանս եւ Տուրնֆեօ քաղաքներուն մէջ , մեծ հետաքրքրութեամբ ընդունուեցաւ Սէն-Թրոփէի բնակիչներու եւ քաղաքի հիւրերու կողմէ:

Մշակութային ձեռնարկներու շարքին մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ ֆրանսահայ յայտնի տուտուկահար Լեւոն Մինասեանի մենահամերգը:

Ապրիլ 13-ին «Լա շապել դիւ Կուվան» նոր վերանորոգուած Սէն-Թրոփէի հնագոյն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հայկական ծէսով սուրբ պատարագի արարողութիւն: Նոյն օրը Ժան Տեսպա դահլիճին մէջ փրոֆէսոր Տօնապետեան դասախօսութիւն կարդաց հայկական խաչքարերու արուեստի մասին:

«Ճանապարհորդութիւն դէպի Հայաստան» խորագիրով մշակութային ձեռնարկներու շարքը Սէն-Թրոփէի մէջ  պիտի շարունակուի մինչեւ ապրիլ 26:

Scroll Up