Արարատի Մարզի Բաղրամեան Գիւղի Միջնակարգ Դպրոցին Մէջ «Մեր Մեծերը» Ծրագիրի Ծիրէն Ներս Կայացաւ Կոմիտասի 145-ամեակին Նուիրուած Ցերեկոյթ

Ապրիլ 15-ին Արարատի մարզի Բաղրամեան գիւղի միջնակարգ դպրոցին մէջ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Մեր մեծերը» ծրագիրի ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ Կոմիտասի ծննդեան 145-ամեակին նուիրուած ցերեկոյթ-հանդիսութիւն, որուն կը մասնակցէին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, Արարատի մարզպետարանի աշխատակիցներ, մտաւորականներ:

ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան փոխանցեց Սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Հրանոյշ Յակոբեանի ողջոյնի խօսքը: Ելոյթ ունեցան Արարատի մարզպետի տեղակալ Իլյիչ Շադեանը եւ ամերիկահայ բարերար Արմէն Փոստաջեանը, որու հօր Թորգոմ Փոստաջեանի անունը կը կրէ գիւղի դպրոցը:

Ցերեկոյթին դպրոցի աշակերտները ներկայացուցին դրուագներ Կոմիտասի կեանքէն: Մանուկներու շրթունքներէն, ինչպէս նաեւ Կոմիտասի անուան երաժշտանոցի ուսանողներու կատարմամբ հնչեցին կոմիտասեան յայտնի ստեղծագործութիւններ:

Scroll Up