ՀՀ Սփիւռքի Նախարարի Պաշտօնակատար Հրանոյշ Յակոբեանի Դիմումը ԱՄՆ Ծերակոյտի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնաժողովին Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Բանաձեւի Առթիւ
Սիրելի հայրենակիցներ, Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ մեծ ոգեւորութեամբ տեղեկացան ԱՄՆ ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող 410 բանաձեւի ընդունման մասին: Մենք կ’ողջունենք Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ այս բանաձեւի ընդունումը, որ եւս մէկ անգամ կ’ապացուցէ, որ մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւնները չունին վաղեմութեան ժամկէտ:
Այս քայլով Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Ռոպերթ Մենենտեսը եւ բանաձեւին կողմ քուէարկած ծերակուտականները հաստատեցին համամարդկային արժէքներուն հաւատարիմ մնալու եւ մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւնները կանխարգելելու իրենց պատրաստակամութիւնը:
Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման գործընթացքին նման բանաձեւի ընդունումը կարեւոր քայլ մըն է, որ իրականացուցած է ԱՄՆ-ի հայկական սփիւռքի, հայկական համագումարի, Ամերիկայի եւ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ գործող Հայ Դատի գրասենեակներու եւ համահայկական այլ կառոյցներու նպատակային եւ անխոնջ ջանքերուն շնորհիւ:
Կը մաղթեմ ձեզ ուժ եւ կորով Հայոց ցեղասպանութեան համընդհանուր ճանաչման, դատապարտման եւ հետեւանքներու վերացման ուղղուած ձեր ջանքերուն:
ՀՀ սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար
Հրանուշ Յակոբեան