Քեսապցի Երեխաները Լաթաքիոյ Մէջ Դպրոց Չեն Յաճախեր
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/04/timthumb-13.jpg)
«Սիւիլնէթի» Մարիա Թիթիզեանը եւ Սեդա Գրիգորեանը եղած են Լաթաքիոյ հայկական եկեղեցւոյ մէջ, ուր ներկայիս քեսապցի 60 ընտանիք կ’ապրի:
Իսկ քեսապցի 500-է աւելի ընտանիք կ’ապրի Լաթաքիա բարեկամներու տուները: Ինչպէս կը տեղեկացնէ civilnet.am -ը` բնակարանները գերբեռնուած են` մինչեւ 20-25 հոգի մէկ բնակարանի մէջ: Քեսապցի երեխաները Լաթաքիոյ մէջ դպրոց չեն յաճախեր: Եկեղեցւոյ կից միակ հայկական դպրոցը ի վիճակի չէ բոլորին տեղաւորել: Խումբ մը կանայք երեխաներու ցուցակներ կը կազմեն` ըստ տարիքի խնդիրներուն հրատապ լուծում գտնելու ակնկալիքով:
Եկեղեցիէն դուրս ապաստանած քեսապցիներն ունին նոյն խնդիրները, ինչ եկեղեցւոյ ներսը` հագուստ, սնունդ, կացարան, դեղորայք եւ այլն:
Անգամ այս պայմաններուն մէջ 9-րդ եւ 12-րդ աւարտական դասարաններու աշակերտները ծնողներու յորդորով յատուկ դասընթացներու կը հետեւին քննութիւնները յանձնելու համար: