Ռումանահայերն Ու Սուրիացիները Պուխարեստի Մէջ Կազմակերպած Են Բողոքի Ցոյց Քեսապի Հարցով Թուրքիոյ Դէմ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/04/Untitled43.jpg)
Ռումանիոյ մայրաքաղաք Պուխարեստի մէջ ապրիլ 9-ին շարք մը ռումանահայեր Թուրքիոյ դեսպանատան առջեւ բողոքի ցոյց կազմակերպած են օրեր առաջ հայաշատ Քեսապ քաղաքի վրայ կատարուած յարձակման ժամանակ Թուրքիոյ աշխոյժ օժանդակութեան եւ մասնակցութեան դէմ: Բողոքի ցոյցը կազմակերպած էր Ռումանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ` Տ.Տաթեւ եպիսկոպոս Յակոբեան:
Ցոյցին մասնակցած են Պուխարեստէն Տ.Եզրաս քահանայ Պոկտանը, Պիտեշտ քաղաքի հոգեւոր հովիւ` Տ.Հեթում քհն. Թարուերդեանը, Ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ եւ Ռումանիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Փաուլ Պոկտանը: Մասնակիցներուն մէջ էին սուրիացիներ, որոնք իրենց բողոքը արտայայտեցին հայերուն հետ միասին:
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ` մասնակիցները կը կրէին Սուրիոյ եւ Հայաստանի ազգային դրօշները: Միաժամանակ անոնք պաստառներ պարզած էին, որոնց վրայ գրուած էին «Փրկենք Քեսապը», «Վերջ տուէք Ցեղասպանութեան», «Թուրքիա, վերջ տուր Սուրիոյ մէջ անմեղ քաղաքացիներու կոտորածին» եւ այլ նմանատիպ կոչեր:
Ցոյցի ամբողջ ընթացքին ոստիկանութիւնը ապահովեց ներկաներու անվտանգութիւնը: Ռումանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդը ելոյթին մէջ նշեց, որ Ռումանիոյ հայ համայնքը անմասն չէ Քեսապի մեր հայրենակիցներու դժբախտութենէն եւ հնարաւոր ամէն բան պիտի ընէ, որպէսզի վերջ դրուի այդ բռնութիւններուն: Օրեր առաջ, սրբազան հայրը պաշտօնական նամակ ուղարկած է նաեւ Ռումանիոյ նախագահին, վարչապետին եւ Ազգային Ժողովի նախագահին, ուր կոչ կ’ընէ Ռումանիոյ ղեկավարներուն միջամտել եւ ստիպել Թուրքիային, որ կասեցնէ իր օժանդակութիւնը իսլամիստ ահաբեկիչներուն:
armenpress.am