Անվտանգութեան Խորհուրդի Պահուածքը Անհանգստացնող է

Մինչ եւրոպական կառոյցներու մէջ հայ պատգամաւորները կը բարաձրաձայնեն քեսապահայութեան խնդիրները, իսկ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր քարտուղարը մտահոգութեամբ կը խօսի Քեսապի մէջ տեղի ունեցող ողբերգական իրադարձութիւններուն մասին, ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը մերժած է քննարկել քեսապահայութեան հարցը: Այսինքն` Սուրիոյ Քեսապ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած արիւնալի իրադարձութիւնները, որոնք Ռուսաստանի ներկայացուցիչի կողմէ գնահատուած են ցեղասպանութիւն, չեն արժանացած ՄԱԿ-ի ուշադրութեան…  Սա ին՞չ կը նշանակէ: Սա կը նշանակէ, որ ազգերու իրաւահաւասարութեան հենքի վրայ ձեւաւորուած կառոյցը արհամարհական վերաբերմունք հանդէս կը բերէ 21-րդ դարուն տեղի ունեցող ցեղասպանութեան հանդէպ եւ կը փակէ հարցը` հասկցնել տալով, որ քաղաքական շահերն առաւել կարեւոր են, քան բուն ցեղասպանութիւնը, իր պատմական հայրենիքին մէջ ապրող ժողովուրդի իրաւունքը: ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի այս դիրքորոշումը մէկ անգամ եւս մեզի կը տեղափոխէ 20-րդ դարասկիզբ, 1915 թուական, երբ յատկապէս Եւրոպայի աչքի առջեւ ցեղասպանուեցաւ 1,5 միլիոնէ աւելի մարդ, անապատներ քշուեցան հարիւր հազարաւոր ու սպանուեցան, մահացան սովէն… Այն ժամանակ ալ աշխարհն անտարբեր գտնուեցաւ, Գերմանիան, Մեծ Բրիտանիան փակեցին իրենց աչքերը, միւս տէրութիւնները չկամեցան բողոքի ձայն բարձրացնել, օգնութեան ձեռք պարզել  ողջ ժողովուրդի մը: Այսօր պատմութիւնը կը կրկնուի, այսօր դարձեալ ցեղասպանութեան վտանգը կախուած է Սուրիա ապրող հայերու ու միւս քրիստոնեաներու գլխուն, իսկ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը չի կամենար քննարկել հարցը: Հասկնալի է, որ պատերազմը շատ երկիրներու ահռելի ֆինանսական հոսքեր  կը բերէ, կը նպաստէ հզօրներու ունեցուածքի բազմապատկման: Այսինքն, ֆինանսական շահերն առաւել կարեւոր են, քան ժողովուրդներու իրաւունքները: Նոյն այս ՄԱԿ-ը, գայթակղուած ատրպէյճանական նաւթատոլարներով, չորս բանաձեւ ընդունեց Լեռնային Ղարաբաղի հարցով, կանգնեց Լեռնային Ղարաբաղէն հեռացած ազերիներու իրաւունքներու դիրքերուն, մինչդեռ հայերու նոր ցեղասպանութիւնը չի հետաքրքրեր, չի մտահոգեր անոր: Չի մտահոգեր, որովհետեւ սուրիական պատերազմը տեղի կ’ունենայ աշխարհի հզօրներու կամքով, ԱՄՆ-Թուրքիա տանդէմի նախաձեռնութեամբ: Եւ, բնականաբար, ոչ մէկը չուզեր միջամտել հզօրներու գործերուն, ոչ մէկը չուզեր կանգնեցնել ցեղասպանութիւն սփռող ձեռքը: Մինչդեռ անհրաժեշտ է, որ հէնց Անվտանգութեան խորհուրդն իր վերաբերմունքը արտայայտէր, դատապարտէր կատարուածը` այսպէս նաեւ ահեղ զգուշացում հնչեցնելով ողջ աշխարհին, կանխելով յետագայ գործողութիւնները: Երբ ահաբեկչութիւնները, ոճրագործութիւնները, ազգերու դէմ գործուած յանցագործութիւնները չեն դատապարտուիր, ատոնք իրենց համար «բարեբեր» պայմաններ կը ձեւաւորեն, ամենաթողութիւնը դարձնելով փիլիսոփայութիւն եւ գործելաձեւ: Մենք արդէն տեսանք, որ Իրաքի, Աֆղանստանի, նոյն Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող ահաբեկչութիւնները, անմեղ մարդոց սպաննութիւնները չեն դադրիր, օրաւուր կ’ուռճանայ զոհերու թիւը, օրաւուր նոր մարդիկ կը դառնան ոճրագործութիւններու թիրախներ: Հետեւաբար, Քեսապի ողբերգութեան դատապարտումը, այն իբրեւ նոր ցեղասպանութիւն դիտարկելը ոչ միայն  բարոյական, այլեւ իրաւական խնդիր էր: Ճիշդ է, ՄԱԿ-ի որոշումներն իրաւական հետեւանքներ չունին, սակայն կրնան կանխել, արգելակել մարդկութեան դէմ գործուող ոճիրները:

Արդեօ՞ք այսքանէն վերջ ՄԱԿ-ի որեւէ բանաձեւ ու որոշում կրնայ բարոյական ուժ ու հետեւանք ունենալ, արդեօ՞ք հայ ժողովուրդը վստահութեամբ պիտի վերաբերի այդ կառոյցին: Ուրեմն, գուցէ ժամանա՞կն է, որ հայկական դիւանագիտութիւնը, ի վարձատրութիւն Անվտանգութեան խորհուրդի նման կեցուածքի, չեղեալ համարէ Ղարաբաղի հարցով ընդունուած բոլոր բանաձեւերը եւ բողոքի խօսք յղէ գերմիջազգային այս կառոյցին, որ արդարութեան կողմ կը կանգնի ընտրողաբար…

Լեւոն Մութաֆեան

Scroll Up