Սուրիահայ կանայք սիրով կը մասնակցին ցուցահանդէս-վաճառքներուն

Մեր զրուցակիցները  սուրիահայ  երկու Անիներն են` Անի Արթինեանը եւ Անի Տէրտէրեանը: Անոնց հետ մենք ծանօթացանք վերջերս կայացած «Գիւղական կեանքի եւ աւանդոյթներուն» փառատօնին, որուն կը մասնակցէին նաեւ Հայաստանի մէջ  հաստատուած մեր հայրենակիցները Սուրիայէն,-  կը գրէ womennet.am-ը:

Անի Արթինեան  կը մասնակցէր փառատօնին որդիին` Արթօ Քաֆագեանի հետ:

-Արդէն  3 տարի է, որ ընտանիքիս` ամուսնուս եւ երեք որդիներուս հետ Հայաստանի մէջ ենք: Հալէպի մէջ կը զբաղէի հուլունքագործութեամբ, այնուհետեւ Գազայի մէջ  յաճախեցի  խոհարարական  դասընթացներու եւ վարպետանալով` կրնայի քաղցրաւէնիքի վաճառքով քիչ թէ շատ վաստակել: Այստեղ  հիմնաւորուելէ  յետոյ ամուսինս  տեղաւորուեցաւ աշխատանքի,  մասնագիտութեամբ  զօդող է,  ես ալ  իմ երկու մասնագիտութիւններուս շնորհիւ  կրնամ թեթեւցնել ընտանիքիս  հոգը: Սիրով կը մասնակցիմ ցուցահանդէս-վաճառքներուն, որդիներս այդ հարցով կ’օգնեն ինծի: Ժամանակիս մեծ մասը կը յատկացնեմ հուլունքագործութեան, ձեռագործ աշխատանքներս կը ներկայացնեմ Վերնիսաժի մէջ: Չեմ դժգոհիր, կ’ընդունեմ քաղցրաւէնիքի, մսեղէն կերակրատեսակներու եւ ձեռագործ աշխատանքներու պատուէրներ, – կ’ըսէ ան` աւելցնելով, որ  նման  ձեռնարկներու կազմակերպումը մեծ աջակցութիւն է սուրիահայերուն:

 Ani-Artinyan Ani-Artinyan-Joland

Անի Արթինեանի նպատակը որդիներուն իրենց նպատակին հասցնելն է, եթէ ոչ բարձրագոյն  կրթութեան,  ապա  արհեստներու մէջ վարպետանալու ձգտումը կայ ու կայ: Սուրիա վերադառնալու ցանկութիւն չկայ,  անգամ  մտքերնէն  չանցնիր. «Հոն ծնանք,  մեծցանք, բայց  հոս  կը մեռնինք»,- կ’ըսէ Անին:

Ի դէպ, փառատօնին կը մասնակցէին նաեւ մեր վաղեմի ծանօթներ` Եոլանտ եւ Րաֆֆի Ռշտունիները, որուն  տաղաւարէն  դարձեալ  կը բուրէր համեղ ու հիւթալի տեսքով անուշեղէնն ու զանազան  թխուածքաբլիթները:

սիրիահայ

Արեւելեան անուշեղէնի, ձեռագործ աշխատանքերու ու զարդերու տեսականիով առատ է  նաեւ Մարաշի ասեղնագործ տարազով ներկայացուած 20-ամեայ Անի Տէրտէրեանի տաղաւարը: Անին իր քոյրերուն հետ դեռ Սուրիոյ մէջ ապրած տարիներուն սիրով կը սորվէր Մարաշի ասեղնագործութիւնը: Այդ  հարցով անոնց ուսուցիչը մայրն էր, որ  դուստրերուն հետ ասեղնագործութիւն կ’ընէր ու կը կարէր Մարաշի ասեղնագործ տարազներ: Անոնք այդ տարազներով ալ  ներկայացած էին  փառատօնին:

Ani-Terteryan

Անին Երեւանի Ֆիզիքական կուլտուրայի հայկական  պետական  ինստիտուտի բնաբուժութեան բաժինը ուսանելու հետ մէկտեղ քոյրերուն կ’օգնէ  մօրը թխուածքներու պատրաստման  գործին: Թէեւ օրուան  ընթացքին շատ  զբաղած է, սակայն ժամանակ կը  գտնէ  նաեւ զարդերու պատրաստման  համար: Իսկ  նրբագեղ ու ճաշակով թեւնոցներու,  շղթաներու ու փափուկ  խաղալիքներու պահանջարկը բաւականին մեծ է,  որ կ’ոգեւորէ Անիին: Ճիշդ է,  տարազներու պատուէրներ դեռ  չունին, այցելուները միայն  կը հիանան  մօր եւ աղջիկներու հիասքանչ տարազներով, սակայն, ով գիտէ, գուցէ   օր մըն ալ  տարազներու կամ թէ Մարաշի ասեղնագործ հագուստներու պահանջարկ կ’ըլլայ:

-Մեր ընտանիքով  որոշած ենք  ստեղծել ձեռքի աշխատանքերու արտադրամաս, կը ցանկամ զբաղիլ նաեւ զարդերու վաճառքով, ինչ-որ կերպ ընտանիքիս պէտք է աջակցիմ, թէ ոչ,-կ’ըսէ Անին:

Նմանատիպ փառատօններուն սուրիահայերու մասնակցութիւնը թերեւս անհնար ըլլար առանց ՄԱԿ-ի ՓԳՀ-ի,  միջազգային  եւ տեղական   շարք մը  կազմակերպութիւններու աջակցութեան:

– Այսպիսի փառատօններ տասնեակ կազմակերպութիւններու համատեղ աշխատանքի արդիւնքն են, մէջը ըլլալով սուրիահայերուն աջակցող ,-կ’ըսէ ՄԱԿ ՓԳՀ-ի արտաքին  կապերու  համակարգող Անահիտ Հայրապետեանը ու կ’աւելցնէ,- Փառատօններու ու ցուցահանդէսներու մէջ սուրիահայերու աշխուժութիւնը գովելի է,  անոնք  կ’ոգեւորուին,  երբ իրենց  գործերուն մէջ յառաջընթաց կը տեսնեն, անոնց  ժպիտը ատիկա կը փաստէ: Իսկ  մենք  ուրախ ենք, որ այս  գործին մէջ մեր լուման ունինք: Մրցակցութիւնը, որ կը  բացակայէր Սուրիոյ մէջ, այստեղ կայ, ինչն ալ  խթան կը հանդիսանայ քաջատեղեակ ըլլալու օրէնսդրութեան ու շուկայի պահանջարկին: Ուստի կը կատարելագործեն իրենց արտադրանքի որակն ու արտաքին ձեւաւորումը` յարմարեցնելով այն տեղական շուկային: ՄԱԿ ՓԳՀ-ն ալ իր գործընկերներուն հետ միասին  միշտ  պատրաստ է աջակցելու ու խրախուսելու անոնց բոլոր նախաձեռնութիւններուն մէջ:

Անոյշ Ներսիսեան

Scroll Up