Պոլսոյ Մէջ Ցոյց՝ Քեսապահայերուն Համար

Շաբաթ, Ապրիլ 5ի յետմիջօրէին, Կալաթասարայի «Լիսէ»ին առջեւ բողոքի ցոյց կատարուեցաւ՝ Սուրիոյ Քեսապ գիւղաքաղաքի հայերուն դէմ ի գործ դրուած տեղահանութեան եւ թալանի դէպքերուն համար։ Ցոյցը իրականացաւ լրագրող Մուրատ Էզերի ջանքերով։ Մեծ բազմութեան մը ներկայութեան կարդացուեցաւ մամլոյ հաղորդագրութիւն։ Ժողովուրդը մեղադրական կարգախօսներով յանկերգեց՝ քննադատելով Քեսապի դէմ որդեգրուած եւ ի գործ դրուած յոռի քաղաքականութիւնը։
Հաղորդուեցաւ նաեւ, որ եթէ քաղաքական կուսակցութիւններ, մարդասիրական ընկերութիւններ, միութիւններ եւ իրաւասու հաստատութիւններ այս դէպքին դիմաց լուռ մնան եւ ստեղծուած կացութիւնը չպախարակեն, ապա 15 օր ետք պիտի կատարուի աւելի կազմակերպուած բողոքի ցոյց մը։

http://asbarez.com

Scroll Up