ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան Մէջ Կայացաւ Տեսաժողով Պելառուսիոյ Հայկական Համայնքի Ներկայացուցիչներուն Հետ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/04/logo-glxavor.jpg)
Ապրիլ 3-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ կայացաւ տեսաժողով Պելառուսիոյ հայկական համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:
Ողջունելով տեսաժողովի մասնակիցները` ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան ներկայացուց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ 2014թ. իրականացուող համահայկական ծրագիրները եւ կոչ ըրաւ առաւել աշխուժացնել համայնքի մասնակցութիւնը եւ ներգրաւուածութիւնը այնտեղ:
Շնորհակալութիւն յայտնելով տեսաժողովին ներկայ Պելառուսիոյ Հանրապետութեան կրօններու եւ ազգութիւններու հարցերով լիազօրի տեղակալ Վլատիմիր Լամէկոյին հայ համայնքի հանդէպ պետական բարձր հոգածութեան համար` ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալը նշեց, որ Պելառուսիոյ Հանրապետութեան մէջ այսօր կ’ապրի շուրջ 30 հազար հայ եւ միայն պետական մակարդակով ազգային փոքրամասնութիւններուն ընձեռած կրօնական, ազգային ու մշակութային ազատութիւններու պայմաններուն մէջ հնարաւոր է պահպանել համայնքի ազգային ոգին:
Պարոն Լամեկոն իր հերթին, շնորհակալութիւն յայտնելով ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ Պելառուսիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն տեսաժողովին մասնակցելու հրաւէրի համար, նշեց, որ որեւէ ազգի գոյութեան գրաւականը լեզուի պահպանումն է, իսկ Պելառուսիոյ մէջ խորապէս կը յարգեն հայերուն եւ հայ համայնքը: Վ.Լամեկոն հաւաստիացուց, որ հայերը Պելառուսիոյ մէջ օրինակելի քաղաքացիներ են եւ իրենց աշխոյժ մասնակցութիւնը կը բերեն երկրի հասարակական, մշակութային, տնտեսական կեանքի, ինչպէս նաեւ այլ ոլորտներու մէջ:
Այնուհետեւ Մինսկի քաղաքային «Հայաստան» հայկական մշակութային-լուսաւորչական ընկերութեան նախագահ Գէորգի Եղիազարեան ներկայացուց Պելառուսիոյ հայկական համայնքի հիմնախնդիրները, ինչպէս նաեւ խօսեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ իրականացուող 2014թ. ծրագիրներուն Պելառուսիոյ հայկական համայնքի մասնակցութեան մասին:
Նշուեցաւ, որ նախարարութեան բոլոր ծրագիրները մեծ արձագանք կը գտնեն համայնքէն ներս եւ յատկապէս «Արի տուն» եւ «Սփիւռք ամառնային դպրոց» ծրագիրներուն մասնակցած եւ Պելառուս վերադարձած երիտասարդներն ու մասնագէտները իրենց մերձաւորներու եւ ընկերական շրջանակներուն մէջ կը խրախուսեն եւ կ’առաջարկեն անպայման մասնակցիլ այդ ծրագիրներուն:
Մինսկի «Էրեբունի» պարային համոյթի ղեկավար Ռուզաննա Աւանեսեան աւելցուց, որ Պելառուսիոյ մէջ գործող բոլոր հայկական կայքերուն մէջ աշխոյժ կերպով կը ծանուցուի ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրներու մեկնարկի եւ ընթացքի մասին: Տիկին Աւանեսեան հաւաստիացուց, որ «Իմ Հայաստան», «Արի տուն» եւ «Սփիւռք ամառնային դպրոց» ծրագիրներուն մասնակից բազմաթիւ երիտասարդներ ուղղակի ցանկութիւն ունին գալ եւ հաստատուիլ Հայաստանի մէջ:
Տեսաժողովին պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ այս տարի Պելառուսիոյ համայնքէն յատկապէս «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի լրագրողներու դասընթացքին, նաեւ սեպտեմբերին կայանալիք Լրագրողներու համահայկական համաժողովին մասնակցելու, «Հայկական Սփիւռք 2014» տարեգիրքի համար անհրաժեշտ նիւթեր եւ հաշուետուութիւններ ուղարկելու գործընթացքը աւելի աշխուժացնելու վերաբերեալ:
ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալը նշեց, որ պիտի շարունակուի դասագիրքերու, գեղարուեստական գրականութեան եւ հայկական հեքիաթներու գիրքերու առաքումը համայնք: Պարոն Սրապիոնեան համայնքի ներկայացուցիչներուն կոչ ըրաւ պահպանելու եւ զարգացնելու Հայաստանի հետ ինչպէս ուղղահայեաց, այնպէս ալ այլ երկիրներու հայ համայնքներու հետ հորիզոնական յարաբերութիւնները, որուն միտուած են եւ մեծապէս կ’օգնեն ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Հայերն այսօր» էլեկտրոնային պարբերականի ամենօրեայ թողարկումներուն տեղ գտած հրապարակումները: