Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեան Այցելեց Մոնթրէալի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ Եկեղեցի
Կիարկի, 3 Մայիս 2015-ին, ՀՀ Սփիւռքի Նախարար՝ Տիկ. Հրանուշ Յակոբեան, աշխատանքային այցով ներկայ գտնուեցաւ Մոնթրէալ, ուր առիթը ունեցաւ մասնակից ըլլալու Մոնթրէալի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուող Ս. Պատարագին: Այցելութեան ըմթացքին, Նախարարին կ’ընկերակցէր նաեւ՝ Գանատայի Մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպան Նորին Վսեմութիւն՝ Տիար Արմէն Եկանեան:
Յաւարտ Ս. Պատարագի, Նախարարը հանդիպում ունեցաւ Գանատահայոց Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեանի, Եկեղեցւոյ Հովիւ՝ Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Պոյաճեանի եւ Ծխական Խորհուրդի անդամներուն հետ: Այս պատեհ առիթով, տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն, կազմակերպութեամբ՝ Ծխական Խորհուրդին:
Հանդիպման ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազան հայրը կարեւորութեամբ շեշտեց Սփիւռքի Նախարարութեան ծրագիրներուն դրական արդիւնքը, ինչպիսիք են. Արի Տուն, Համահայկական Խաղեր եւ այլ ծրագրեր, եւ տեղեկացուց Նախարարին Առաջնորդարանի ընթացիկ գործունէութիւններուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին:
Հանդիպումէն ետք, նախարար՝ Յակոբեան, բազմաթիւ հարանվանական եւ քաղաքական գործիչներու կողքին, մասնակցեցաւ «Յանուն Մարդկութեան» քայլարշաւին, որ համախմբած էր ավելի քան 10,000 մասնակիցներ, որոնք 100 վայրկեան տեւողութեամբ գալեցին Մոնթրէալի կեդրոնաքաղաքի մէջ, յիշատակելու Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ ուրիշ մարդկութեան դէմ գործադրուած ոճիրներ եւ արտայայտելու կանխման կարեւորութիւնը ցեղասպանութեան յանձագործութեան: