Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան Ընդհանուր Ժողով
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/04/222-1-21-534x300-420x235.jpg)
Այսօր` հինգշաբթի, 3 ապրիլի առաւօտեան, Արամ Ա. կաթողիկոսին նախագահութեամբ բացումը պիտի կատարուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Միաբանական ընդհանուր ժողովին:
Վեհափառ հայրապետին պատգամէն ետք տնօրէն ժողովը իր տեղեկագիրը պիտի ներկայացնէ, ապա տեղի պիտի ունենայ ընդհանուր քննարկում` միաբանութեան կեանքին եւ առաքելութեան առնչուած աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն: Միաբանական ժողովը նաեւ պիտի վաւերացնէ Միաբանական կանոնագրութիւնը, որ ենթարկուեցաւ որոշ բարեփոխումներու:
Միաբանական ընդհանուր Ժողովի օրակարգի հիմնական հարցը պիտի ըլլայ դասախօսութիւններու եւ քննարկումներու ճամբով լուսարձակի տակ բերել հայ ժողովուրդի վերջին հարիւր տարիներու հաւաքական յիշողութիւնը, յատկապէս շեշտելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առնչուած յատկանշական դէպքերը ցեղասպանութենէն մինչեւ այսօր:
Միաբանական ընդհանուր ժողովը իր աշխատանքներու աւարտին պիտի հրապարակէ Հայոց ցեղասպանութեան, ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս Սուրիոյ հայութեան եւ յատկապէս Քեսապի գծով յայտարարութիւն մը: