Ղըրղըստանի Հայկական Երիտասարդական Կազմակերպութիւնը Կոչ Ըրած Է Դատապարտել Քեսապի Մէջ Կատարուածը

Ղըրղըզստանի հայկական երիտասարդական կազմակերպութիւնը համայն աշխարհի հայութեան անունէն դիմած է Ղըրղըզստանի մէջ ապրող բոլոր ազգերու ներկայացուցիչներուն` միախմբուելու եւ Քեսապի մէջ կատարուածը դատապարտելու կոչով:
Երիտասարդական շարժման մասնակիցները կազմակերպութեան ղեկավարներ Անդրանիկ Մատինեանին եւ Ա. Ղազարեանին յանձնարարած են իրենց կոչը ուղարկել Ղըրղըզստանի ԱԳՆ (կոչը կից):