«Մենք Դարձեալ Պատրաստ Ենք Օգնութիւն Ցուցաբերելու Սուրահայերուն». Աշոտ Ներսիսեան

Համայնքային կառոյցները հայապահպանութեան հիմնական յենասիւներէն են Սփիւռքի մէջ: Եւ իւրաքանչիւր խրախուսանք ոգեւորութեան, աւելին ընելու  նոր խթան մը կրնայ դառնալ: «Հայապահպանութեան գործին մէջ նշանակալի աւանդի համար» 2013 թուականի մրցանակաբաշխութեան արդիւնքով  Ս. Փեթերսպուրկի «Հայկական ազգամշակութային ինքնավարութիւնը» արժանացաւ գլխաւոր մրցանակի` «Լաւագոյն համայնքային կառոյց» անուանակարգին մէջ:

Մրցանակաբաշխութեան ներկայ էր Ս. Փեթերսպուրկի հայկական համայնքի փոխնախագահ Աշոտ Ներսիսեան, որ նշեց, որ մրցանակը շատ կարեւոր է համայնքին համար.

«Մեր համայնքն ունի ամենօրեայ եւ կիրակնօրեայ դպրոց, երիտասարդական, կանանց, վեթերաններու միութիւն: Մրցանակը այս բոլոր օղակներու քրտնաջան ու հայրենանուէր աշխատանքի արդիւնքն է, ինչ որ կ’ուրախացնէ, կ’ոգեւորէ եւ կը պարտաւորեցնէ, որ յետագային աւելի լաւ աշխատինք»:

Պարոն Ներսիսեանի հաւաստմամբ` իրենց աշխատանքի հիմնական առանցքը հայապահպանութիւնն է.

«Նահանգին մէջ այսօր մօտ 100 հազար հայ կ’ապրի: Մեր բոլոր կառոյցները նախ եւ առաջ կը զբաղին հայապահպանութեամբ, որ դուրսը ապրող հայը չհեռանայ իր արմատներէն, չմոռնայ իր լեզուն: Ի հարկէ, կան մարդիկ, խառնամուսնութիւններէ ծնած երեխաներ, որոնք լեզուի հետ կապուած դժուարութիւններ ունին, բայց ընդհանուր առմամբ կարելի է ըսել, որ համայնքը հայախօս է:

Առանց չափազանցութեան` իւրաքանչիւր շաբաթ-կիրակի ձեռնարկներ կը  կազմակերպենք, աշխոյժ մասնակցութիւն կ’ունենանք նաեւ համաքաղաքային ձեռնարկներուն»:

Իմ այն հարցին, թէ որն է համայնքի աշխուժութեան հիմնական գրաւականը, պարոն Ներսիսեան  այսպէս պատասխանեց.

«Երեւի այն, որ ունինք հայրենասէր հայրենակիցներ, որոնք կ’աշխատին մեծ եռանդով, եւ գործը առաջ կ’երթայ: Մարդիկ գումարներ, ուժ, ժամանակ կը ներդնեն, որ համայնքը ոչ մէկ բանի կարիք չունենայ:

Ցանկութիւնս է, որ հայրենասէր հայեր շատ ըլլան: Անոնց շնորհիւ մեր գործերը թէ´ Սփիւռքի, թէ´ Հայաստանի մէջ լաւ կ’ըլլան»:

Մրցանակաբաշխութեան մրցանակակիրներէն  մաս մը իրենց դրամական պարգեւները փոխանցած են բարեգործական նպատակներով: «Լաւագոյն համայնքային կառոյց» անուանակարգին մէջ գլխաւոր մրցանակի արժանացած Ս. Փեթերսպուրկի «Հայկական ազգամշակութային ինքնավարութիւնը» դրամական մրցանակը (500.000 ՀՀ դրամ) փոխանցեց Աշտարակ քաղաքին մէջ սուրիահայերու համար կառուցուող «Նոր Հալէպ» թաղամասին.

«Երբ իմացանք, որ գլխաւոր մրցանակի  արժանացած ենք, շատ ուրախացանք: Միաժամանակ համայնքային կառոյցները միասնաբար որոշեցին գումարը նուիրաբերել «Նոր Հալէպ» թաղամասի կառուցման: Մենք պատրաստ ենք դարձեալ օգնութիւն ցուցաբերելու սուրահայերուն: Սա առաջին դէպքը չէ, որ Ս. Փեթերսպուրկի համայնքը կ’օգնէ սուրիահայերուն: Յունուար 18-ին համայնքը տարեվերջեան ձեռնարկ կազմակերպած էր, որու ժամանակ հաւաքուած գումարը նոյնպէս փոխանցեցինք «Նոր Հալէպ» թաղամասին:

Յառաջիկային եւս, մեր հնարաւորութիւններու սահմանին մէջ, պատրաստ ենք օգնելու մեր սուրիահայ հայրենակիցներուն, որոնք դժուար կացութեան մէջ յայտնուած են»,- իր խօսքը եզրափակեց Աշոտ Ներսիսեան:

Լուսինէ Աբրահամեան

Scroll Up