Սուրիական Բանակը Հսկողութիւն Հաստատած Է Լաթաքիոյ 45-րդ Ռազմակէտին Վրայ

Սուրիական բանակը մարտ 30-ին հսկողութիւն  հաստատած է Լաթաքիոյ հիւսիսը գտնուող 45-րդ ռազմակէտին վրայ: Ինչպէս կը հաղորդէ Լաթաքիոյ տեղեկատուական ցանց ֆէյսպուքեան էջը, բանակը կը շարունակէ ռմբակոծել ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող Թել ան Նասրի ուղղութեամբ, որպէսզի լայնածաւալ գործողութիւններ սկսի Քեսապի մէջ: Սուրիական ՍԱՆԱ գործակալութեան տեղեկացմամբ` սուրիական բանակը Քուզ լերան, Քուր Ալի եւ 45-րդ ռազմակէտի շրջակայքը զինեալներուն լուրջ վնասներ  պատճառած է, առգրաւած  անոնց զէնքերը:

Սուրիական լրատուամիջոցները նաեւ կը տեղեկացնեն, որ Քեսապի շրջակայքը տարածուած են բանակի ստորաբաժանումները: Վերջին երկու օրուան ընթացքին Լաթաքիոյ շրջանին մէջ հարիւրաւոր զինեալներ  սպաննուած են, ինչպէս նաեւ` թուրքեր, ատրպէյճանցիներ, չէչէններ:

Գործիչներու տեղեկացմամբ` սուրիական բանակի եւ ընդդիմադիրներու միջեւ բախումներու ժամանակ անտառներ  այրած են: Սուրիական օդուժը հրթիռակոծած է Լաթաքիոյ գիւղերու անտառները, ուր կեդրոնացած են զինուած ընդդիմադիրները:

Քեսապ գիւղաքաղաքի վրայ յարձակում սկսած է մարտ 21-ին Թուրքիոյ սահմանի ութ կէտերէն: Յարձակումը իրականացուցած են «Ճապհա ան Նուսրա» եւ «Ճէյշ ալ Իսլամ» խմբաւորումները: Գիւղաքաղաքին մէջ գրեթէ բնակիչներ չեն մնացած, անոնք տեղափոխուած են առաւել ապահով վայրեր: 700-է աւելի հայ ընտանիքներ այժմ հաստատուած  են Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Տեղի Հայ շտապօգնութեան մարմինը Սուրիոյ Կարմիր մահիկի կազմակերպութեան հետ բնակիչներուն ապահոված է անհրաժեշտ  պարագաներով եւ սնունդով:

Lurer.com

Scroll Up