Շիֆ Կը Դատապարտէ Քեսապի Բռնագրաւումը

Հինգշաբթի, Մարտ 27ին, քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ կատարած է «Քայիտա»ի զինակիցներուն կողմէ Քեսապի բռնագրաւումը դատապարտող յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կ՛ըսուի.
««Քայիտա»ի զինակից ահաբեկիչներու կողմէ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ գտնուող Քեսապի հայ եւ այլ քրիստոնեայ քաղաքացիներուն վրայ վայրագ յարձակումները աւելի քան սոսկալի են: Այս յարձակումները, որոնք ըստ հաղորդուած տեղեկութիւններուն՝ սկսած են Թուրքիայէն, ցոյց կու տան, թէ Սուրիոյ մէջ կացութեան ապակայունութիւնը ի՛նչ մակարդակի հասած է: Կապի մէջ ենք արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատարներու հետ, որոնք մեզի վստահեցուցած են, թէ հայ, սուրիացի եւ թուրք պաշտօնատարներու հետ կը խորհրդակցին վերջին իրադարձութեանց մանրամասնութիւնները բացայայտելու եւ նման բռնարարքներու կրկնութեան առաջքը առնելու ուղղութեամբ:
Սուրիոյ քաղացիական պատերազմը աղէտ մըն է Սուրիոյ ամբողջ բնակչութեան համար, բայց յատկապէս՝ անոր փոքրամասնութեանց: Տարբեր ճակատներու վրայ աշխատանք կը տարուի, սուրիացի քրիստոնեաներուն մարդասիրական օժանդակութիւններ ապահովելու նպատակով»: