ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Մասնակցեցաւ Ամերիկահայ Տիգրան Սինանեանի Panorama Resort Հիւրանոցի Բացման Հանդիսաւոր Արարողութեան
Մարտ 27-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան մասնակցեցաւ ամերիկահայ Տիգրան Սինանեանի` Panorama Resort նորակառոյց հիւրանոցի բացման հանդիսաւոր արարողութեան, հիւրանոցի գլխաւոր տնօրէնի հետ շրջեցաւ հիւրանոցի սենեակներով, ծանօթացաւ պայմաններուն:
ՀՀ սփիւռքի նախարարը շնորհաւորեց հիւրանոցի տնօրինութեան, աշխատակիցներուն, հիւրերուն, ինչպէս նաեւ բոլոր երեւանցիներուն` գեղեցիկ համայնապատկերով նոր հիւրանոցի բացման առիթով: Հրանոյշ Յակոբեան իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ սփիւռքահայ գործարարները իրենց հայեացքը կ’ուղղեն դէպի Հայրենիք, Հայաստան եւ նման ներդրումներ կ’իրականացնեն` ստեղծելով աշխատատեղեր, օգնելով հայաստանցիներուն:
Տիգրան Սինանեանի խօսքով` Panorama Resort հիւրանոցը իր հպարտութիւնն է եւ իր` անցեալին տուած խոստումին կատարման վկայութիւնը, թէ պէտք է գալ Հայրենիք եւ Հայրենիքի մէջ հաստատուելով` շէնացնել ու զարգացնել բոլորիս Հայաստանը: