Սեւակեան Երեկոյ Քոպընհակընի Մէջ
Այս օրերուն Դանիոյ մէջ ՀՀ Դեսպանութիւնը կազմակերպած եւ իրականացուցած է գրական-երաժշտական երեկոյ` նուիրուած հայ մեծանուն գրող Պարոյր Սեւակի 90-ամեակին: Երեկոյի ընթացքին հնչած են Սեւակի ստեղծագործութիւնները, երաժշտական կատարումներ , ինչպէս նաեւ ներկայացուած են հետաքրքիր փաստեր գրողի կենսագրութենէն: Հնչած են նաեւ Սեւակի որոշ ստեղծագործութիւններ` անգլերէն եւ դանիերէն թարգմանութեամբ: Այս մասին ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը տեղեկացնեն ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Եւրոպայի երկիրներու հայ համայնքներու վարչութենէն: