Քեսապի Այսօրուան Ոճրագործութիւնները Պատահական Չեն.Սուրիացի Արաբ Պատգամաւոր

Լաթաքիան ներկայացնող Սուրիացի արաբ պատգամաւոր Նայեպ Մախլուֆ, Լաթաքիոյ մէջ ապաստանած Քեսապցիներուն ապաստանը այցելելէն ետք, իր facebook-եան էջին մէջ կը գրէ.

«Յիշեցում մը այսօրուան թոռներուն, թէ ինչ գործած են իրենց նախնիները անցեալին.

Փաստելու համար, որ այսօրուան ոճրագործութիւնները ոչ թէ պատահականութիւն են, այլ ընթացք՝ զոր սկսած են նախնիները եւ զայն ժառանգած անոնց զաւակները… մորթելը, գլուխներ կտրելը, հաւաքական գերեզմաններու մէջ թաղելը, ինչպէս նաեւ ծայրայեղականութիւնն ու ահաբեկումը, բոլորը արարքներ են, որոնց շունչով մեծցած են եւ զայն ժառանգած իրենց օսմանցի նախահայրերէն։

Առաջին նկարին մէջ հայ բժիշկներ են, որոնք թրքական կամուրջի մը վրայ  կախուած են իրենց ոտքերէն եւ այդպէս մնացած մինչեւ մեռնիլը, իսկ երկրորդ նկարը՝ խրամատներ են, որոնք փորուած են՝ հազարաւոր հայ, արամէացի, ասորի եւ յոյն զոհերը մէջը թաղելու համար»։

http://www.yerakouyn.com/

Scroll Up