Հայազգի Ռոպին Հայկ Կելիճին` Ալմելոյի Քաղաքապետարանի Աւագանիի Անդամ
Այս օրերուն Հոլանտայի Ալմելօ քաղաքի տեղական կառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն Սոցիալիստական կուսակցութեան (SP) անդամ, հայազգի Ռոպին Հայկ Կելիճին, որ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ վարչութեան նախագահ Օննիկ Կելիճիի որդին Է, յաղթած է Ալմելօ քաղաքին մէջ եւ դարձած է քաղաքապետարանի աւագանիի անդամ:
Ալմելոյի մէջ, ուր հայ ազգաբնակչութիւնը կը կազմէ քաղաքի մօտ 8-10%-ը, այս յաղթանակը հնարաւորութիւն կու տայ երկու ժողովուրդներու աւելի մերձեցման, ինչպէս նաեւ հնարաւորութիւն կու տայ հայերուն առնչուող խնդիրները բարձրացնել քաղաքային խորհուրդին մէջ:
Ռոպին Հայկը 23 տարեկան խոստումնալից քաղաքական գործիչ է, որ նաեւ կը զբաղի անհատ ձեռներէցութեամբ:
Մանուկ Մկրտչեան
Ալմելօ, Հոլանտա