Արամ Ա. կաթողիկոսի կողմէ Կիրակի առաւօտ Լաթաքիա ղրկուած պատուիրակութիւնը կը վերադառնայ Անթիլիաս

Արամ Ա. կաթողիկոսի կողմէ Կիրակի առաւօտ Լաթաքիա ղրկուած, միաբան հայրերէ բաղկացած պատուիրակութիւնը վերադարձաւ Անթիլիաս եւ զեկուցեց իր կատարած առաքելութեան մասին:
Պատուիրակութեան զեկոյցին համաձայն շուրջ երկու հազար հայեր հեռացած են Քեսապէն եւ ապաստանած Լաթաքիոյ եկեղեցիէն ու դպրոցէն ներս. իսկ ոմանք իրենց հարազտներուն մօտ: Համայնքային պատասխանատու մարմիններ մօտէն կը հետեւին ու օգտակար կ’ըլլան մեր ժողովուրդի զաւակներու սննդական ու առողջապահական կարիքներուն: Նաեւ օգտակար կ’ըլլան միջազգային կարմիր խաչի եւ սուրիոյ կարմիր մահիկի մարմինները:
Լաթաքիայ ուղղուած պատուիրակութեան անդամները Կիրակի առաւօտ պատարագած են ու Նորին Սրբութեան մտահոգութիւնն ու զօրակցութիւնը փոխանցած մեր ժողովուրդն զաւակներուն: Ապա անոնք հանդիպումներ ունեցած են եկեղեցական ու համայնքային պատասխանատու մարմիններուն հետ ու մօտէն շփում հաստատած մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետ:
Յայտնենք որ Վեհափառ Հայրապետը մօտէն կը հետեւի Լաթաքիոյ ու Քեսապի կացութեան: Մնայուն կապի մէջ է պատասխանատուներուն հետ եւ անհրաժեշտութեան պարագային Կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական գրասենեակը հարկ եղած տեղեկութիւնները պիտի փոխանցէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն:
Այս մասին կը հաղորդէ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը: