Քեսապցի Տեղահանուածներուն Անհրաժեշտ Է Շուտափոյթ Օգնութիւն

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա կաթողիկոսը Անթիլիասէն երեք քահանայ ուղարկած է Լաթաքիա, որպէսզի անոնք տեղուոյն վրայ իրականացնեն քեսապցի տեղահանուած ընտանիքներու կարիքներու եւ իրավիճակի գնահատումը: Այս մասին Սիվիլնէթին հեռախօսազրոյցով տեղեկացուց Լիբանանի «Հաուըրտ Քարակէօզեան» հիմնադրամի տնօրէն Սերոբ Օհանեան:

Օհանեանի խօսքով` Հալէպի շտապ օգնութեան մարմինը Լաթաքիոյ մէջ ենթակոմիտէ ստեղծած է իրենց տուները լքած Քեսապի հայերու համար: Նախնական գնահատականներով` Լաթաքիոյ մէջ ներկայիս Քեսապէն 600 ընտանիք կայ, որոնց մէկ մասը հանգրուանած է բարեկամներու մօտ, միւսները` տեղի հայկական Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Սուրիոյ Կարմիր մահիկի ընկերութիւնը նոյնպէս օգնութիւն կը տրամադրէ: Իրավիճակի մասին տեղեկացուած է նաեւ ՄԱԿ-ի փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակը:

Սուրիոյ կարմիր մահիկի ընկերութիւնը կը տրամադրէ վերմակներ, դօշակներ, իսկ հայ համայնքը կը հասցնէ սնունդ, ջուր եւ կը հոգայ առողջապահական պայմաններու մասին: Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ քահանայ Հայր Միրոն Աւետիսեանը եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ գերապատուելի Սեւակ Թրաշեանը տեղեկացուցած են, որ ֆինանսական շուտափոյթ օգնութեան անհրաժեշտութիւն կայ:

Սերոբ Օհանեանի խօսքով` հայ ընտանիքներէն շատերը, որոնք յարձակման հէնց սկիզբը  փախած են Քեսապէն, ամբողջովին անպատրաստ  եկած են, եւ անոնցմէ ոմանք անգամ անձնագիրներ կամ նոյնականացման փաստաթուղթերը չեն հասցուցած վերցնել իրենց հետ: «Քարակէօզեան» հիմնադրամի տնօրէնի խօսքով` Հալէպի շտապ օգնութեան մարմինը ամէն ջանք կը գործադրէ հայ տեղահանուածներուն օգնութիւն ցուցաբերելու համար:

Մարտ 21-ի առտուն կանուխէն սուրիացի ապստամբներու զինուած խմբաւորումները Թուրքիոյ կողմէ անցած էին սուրիական սահմանը եւ յարձակած Քեսապի հայաբնակ շրջանի ու շրջակայ գիւղերու վրայ: Մարտ 22-ի երեկոյեան արդէն Քեսապի հայ բնակչութիւնը ամբողջութեամբ տարհանուած էր Լաթաքիա:

http://civilnet.am/

Scroll Up