ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան Մէջ Քննարկուեցան Սփիւռքագիտական Հետազօտութիւններու Հետ Կապուած Հարցեր

Մարտ 20-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեանի ղեկավարութեամբ տեղի ունեցաւ 2014թ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ տրամադրուելիք պայմանագրային (թեմատիկ)  ֆինանսաւորմամբ գիտական եւ գիտակրթական թեմատիկ պատուէրներով հետազօտութիւններ իրականացնողներու հաւաք-քննարկումը,  որուն կը մասնակցէին ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան,  գրականութեան ինստիտուտի տնօրէն Աւիկ Իսահակեան,հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ինստիտուտի տնօրէն Պաւել Աւետիսեան,  նոյն ինստիտուտի Սփիւռքի հետազօտութիւններու բաժինի վարիչ Ռուբէն Կարապետեան,  տեղեկատուական եւ մեքենական հարցերու  ինստիտուտի տնօրէն Վլադիմիր Սահակեան,  «Նորավանք» գիտակրթական հիմնադրամի տնօրէն Գագիկ Յարութիւնեան,  ԵՊՄՀ «Սփիւռք»  գիտաուսումնական կեդրոնի տնօրէն Սուրէն Դանիէլեան,  այլ գիտնականներ եւ հետազօտողներ:  Քննարկուեցան տարբեր ինստիտուտներու կողմէ կատարուող սփիւռքագիտական հետազօտութիւններու իրականացման ընթացքին վերաբերող հարցեր: Գիտական հետազօտութիւններու կատարման գործին մէջ կարեւորուեցան Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ թեմատիկ ուսումնասիրութիւններ: Թեմատիկ պատուէրներու արդիւնաւէտութիւնը բարձրացնելու եւ այդ պատուէրները իրականացնող համապատասխան կառոյցներու աշխատանքները գնահատելու նպատակով գիտահետազօտական ինստիտուտները 3  ամիսը 1  անգամ պիտի ներկայացնեն հաշուետուութիւն կատարուած աշխատանքներուն ընթացքին վերաբերեալ:   Անհրաժեշտութեան պարագային կը հրաւիրուին կլոր սեղան-քննարկումներ:  Գիտական աշխատանքները կը ներկայացուին գրախօսութեան,  այնուհետեւ կ’երաշխաւորուի ատոնց տպագրումը:

Scroll Up