Պոհճալեանի Հատորը Քննարկուեցաւ Կլենտէյլի «Մէկ Գիրք. Մէկ Կլենտէյլ» Ծրագիրին Ընթացքին

«Մէկ Գիրք. Մէկ Կլենտէյլ» ծրագիրը Հինգշաբթի, Փետրուար 27ին բեմահարթակ հանդիսացաւ Քրիս Պոհճալեանի Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած «Աւազէ Ամրոցի Աղջիկները» («The Sandcastle Girls») վէպի քննարկումին:
Կլենտէյլի հանրային կեդրոնական գրադարանին մէջ կայացած հաւաքին ընթացքին հեղինակը բացատրեց, թէ հատորը գրած էր յատկապէս ոչ հայերու համար, որպէսզի անոնք եւս ծանօթանան Հայկական Ցեղասպանութեան պատմութեան: Նաեւ, վէպը առիթ մը եղած է աշխարհին ներկայացնելու իր մեծ հօր եւ մօր պատմութիւնը: Պոհճալեան տեղեկացուցած է, թէ բեմադրիչ Էրիք Նազարեան ֆիլմի պիտի վերածէ վէպը:
Պոհճալեան հեղինակ է 17 հատորներու, որոնց մէկ մասը տեղ գտած է Միացեալ Նահանգներու մէջ ամենաշատ ծախուած գիրքերու՝ «Նիւ Եորք Թայմզ»ի ցանկին վրայ:

asbarez.com

Scroll Up