ԱՄՆ-ի Մէջ Պիտի Կայանայ Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Ամենամեծ Ցուցահանդէսը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/03/dzidzernagapert.jpg)
ԱՄՆ-ի մէջ պիտի կայանայ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած եւ նման ծաւալով առաջին ամենամեծ ցուցահանդէսը, որ կ’արտացոլէ Հայ եկեղեցւոյ կատարած դերը Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը` վկայակոչելով ԱՄՆ-ի The Armenian Mirror-Spectator շաբաթաթերթը:
«Առաջին ապաւէնը եւ վերջին պաշտպանը. Հայ եկեղեցին, Էջմիածինը եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը» խորագիրով ցուցահանդէսը կը կազմակերպուի ԱՄՆ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանի, Հայկական Ազգային ուսումնարանի, ԱՄՆ Հայկական համագումարի, ինչպէս նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի, Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային արխիւի համատեղ ջանքերով:
Ցուցահանդէսին պիտի ներակայցուին ապացոյցներ Արեւելեան Հայաստանի հայերուն կողմէ Օսմանեան Թուրքիայէն փախստական հայրենակիցներուն առաջին մատուցած օգնութեան վերաբերեալ, վերապրածներու եւ ականատեսներու վկայութիւններ, երեք քարտէզ, 12 պատմական փաստաթուղթ եւ հատուածներ այդ ժամանակաշրջանի լրատուական հրապարակումներէն: 1915 թուականի հայերու կոտորածները նկարագրող 16 վերապրածներու մանրամասն վկայութիւնները եւ փաստագրող աւելի քան 150 լուսանկարներ, որոնք կը պատմեն հայ հոգեւոր այրերու կենսական եւ հայ ժողովուրդի համար այդ դժուար ժամանակաշրջանին առաջնորդող դերին մասին: Ցուցադրութեան պիտի ներկայացուին լուսանկարներ ինչպէս արխիւներէն, այնպէս ալ Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ի մէջ եղած պահոցներէն:
«Նման չափի ցուցադրութիւնը պէտք է հիմնուի Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրման եւ յարակից գիտութիւններու մէջ մասնագիտացած գիտնականներու անդրանիկ ուսումնասիրութիւններու վրայ»,- նշած է Հայկական Ազգային ուսումնարանի տնօրէն դոկտոր Ռուբէն Ատալեանը, որ ստեղծած է ցուցադրութիւնը:
«Առաջին ապաւէնը եւ վերջին պաշտպանը» ցուցադրութիւնը հասանելի պիտի ըլլայ նաեւ թուային ձեւաչափով` լայանածաւալ տարածման համար:
http://www.yerakouyn.com/