Վիլնիւսի մէջ ներկայացվեց Վարդան Հովհաննիսյանի «Մարդկանց պատմությունը պատերազմի և խաղաղության ժամանակ» վավերագրական ֆիլմը

Փետրուար 26-ին Լիթվիոյ Կինոգործիչներու միութեան եւ Հայաստանի դեսպանութեան կազմակերպմամբ Վիլնիւսի մէջ ներկայացուեցաւ բեմադրիչ Վարդան Յովհաննիսեանի «Մարդկանց պատմութիւնը պատերազմի եւ խաղաղութեան ժամանակ» վաւերագրական շարժանկարը: Ձեռնարկին, որուն ներկայ էին Լիթվիոյ Սէյմասի (խորհրդարան), տարբեր գերատեսչութիւններու, յայտնի լրագրողներ, հասարակական գործիչներ, պատմաբաններ, զինուորականներ եւ հայ համայնքի անդամներ, բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ Լիթվիոյ կինոգործիչներու միութեան նախագահ, յայտնի բեմադրիչ Գիտիս Լուկշասը, որ նշեց, որ շարժանկարը հոգեհարազատ է լիթվացիներուն, անկեղծ է ու անհրաժեշտ եւ որեւէ կերպ չի կրնար որակուիլ որպէս միակողմանի պաշտօնական քարոզչութիւն:

Իր խօսքին մէջ Լիթվիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Արա Այվազեան, մասնաւորապէս, ըսաւ. «Իւրաքանչիւր հասարակութեան, ժողովրդի եւ պետութեան առջեւ պարբերաբար ծառանում է պատերազմի եւ խաղաղութեան միջեւ ցաւագին ընտրութեան հարցը: Մեր սերունդը ստիպուած եղաւ անցնել պատերազմով` փխրուն խաղաղութիւն ձեռքբերելու համար»: Հայաստանի դեսպանը նշեց, որ շարժանկարի ցուցադրման օրը կը համընկնի Սումկայիթեան ջարդերու 26-րդ տարելիցին հետ, որով Ատրպէյճանը փաստօրէն նախընտրեց խնդիրները լուծել հայատեացութեան եւ պատերազմի լեզուով: Դեսպան Այվազեան ընդգծեց, որ ԽՍՀՄ-ի մէջ այն ժամանակ տեղի ունեցող ժողովրդավարական գործընթացներու պայմաններուն մէջ Պալթեան ժողովուրդները յստակօրէն սատարած էին Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը:

Յիշեցնելով, որ մէկ տարի առաջ նոյն օրը Լիթվիոյ Սէյմասին մէջ ստեղծուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան հետ բարեկամութեան խումբ եւ կարեւոր համարելով Սէյմասի անդամներու սկզբունքայնութիւնը եւ հաւատարմութիւնը այն արժէքներուն, որոնք միասնական  դարձած էին լիթվացի եւ հայ ժողովուրդներուն մեր պետականութեան վերականգման ճանապարհին` Հայաստանի դեսպանը խումբի նախագահ Տալիա Կուոդիտէին յանձնեց այդ առիթով ԼՂՀ ԱԺ Նախագահ Աշոտ Ղուլեանի շնորհաւորական ուղերձը: Շարժանկարի ցուցադրումէն ետք ելոյթ ունեցաւ Վիլնիւս ժամանած բեմադրիչ Վարդան Յովհաննիսեան, որ պատասխանեց ներկաներու բազմաթիւ հարցերուն:

Scroll Up