Դեսպան Սարգսեան Իր Հաւատարմագիրները Յանձնեց ԱՄՆ Նախագահին

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ ՀՀ նորանշանակ դեսպան Տիգրան Սարգսեան յուլիս 14-ին իր հաւատարմագիրները յանձնեց ԱՄՆ Նախագահ Պարաք Օպամային:

Հաւատարմագիրներու յանձնման պաշտօնական արարողութեան դեսպան Սարգսեան նշեց, որ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւնները կ’առանձնանան բարձր մակարդակով եւ արդիւնաւէտ համագործակցութամբ: ՀՀ դեսպանը աւելցուց, որ երկու երկիրներու միջեւ առկայ է յարաբերութիւններու զարգացման մեծ ներուժ, եւ իր առաքելութիւնը ուղղուած պիտի ըլլայ փոխշահաւէտ համագործակցութեան զարգացման ու փոխգործակցութեան շրջանակի ընդլայնման:

Ողջունելով եւ շնորհաւորելով Տիգրան Սարգսեանին դիւանագիտական առաքելութեան մեկնարկին առիթով` ԱՄՆ Նախագահ Պարաք Օպաման վստահութիւն յայտնեց, որ ՀՀ նորանշանակ դեսպանը իր հարուստ փորձն ու գիտելիքները լաւագոյնս պիտի ծառայեցնէ երկու բարեկամ ժողովուրդներու միջեւ յարաբերութիւններու խորացման գործին:

Նախագահ Օպաման շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգները կարեւոր կը համարէ Հայաստանի հետ փոխադարձ յարգանքի եւ շահերու վրայ հիմնուած յարաբերութիւնները, գործընկերութիւնը միջազգային խաղաղապահ առաքելութիւններուն, ինչպէս նաեւ ժողովրդավարութեան ամրապնդման եւ տնտեսական զարգացման ուղղութեամբ համագործակցութիւնը:

Նախագահ Օպաման ընդգծեց նաեւ, որ Միացեալ Նահանգները բարձր կը գնահատէ Հայաստանի յանձնառութիւնը` հասնելու Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման եւ ամրապնդելու Հարաւային Կովկասի անվտանգութիւնը:

Զրուցակիցները ընդգծեցին, որ ամերիկահայ համայնքը կարեւոր դերակատարութիւն ունի երկու երկիրներու միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:

Scroll Up