Դեսպան Մելքոնեանի Հանդիպումը Եգիպտոսի Քաղաքացիական Օդանաւային Նախարարին Հետ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/02/53.Ambassador-Melkonians-meeting-with-the-Minister-of-Civil-Aviation-of-Egypt-20.02.2014.jpg)
Եգիպտոսի մօտ Հայաստանի դեսպան Արմէն Մելքոնեան հանդիպում ունեցաւ ԵԱՀ քաղաքացիական օդանաւային նախարար Ապտելազիզ Ֆատելի հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկու երկիրներու միջեւ քաղաքացիական օդանաւային ոլորտին մէջ փոխշահաւէտ համագործակցութեան հնարաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ Երեւանի եւ Գահիրէի միջեւ կանոնաւոր տարանցիկ չուերթներ հաստատելու հեռանկարները:
Դեսպան Մելքոնեան եգիպտացի նախարարին տեղեկացուց «Բաց երկնքի» քաղաքականութեան անցնելու Հայաստանի կառավարութեան որոշման մասին եւ յոյս յայտնեց, որ այն կը նպաստէ երկու մայրաքաղաքները օդային կամուրջով իրար կապելու վաղեմի ծրագիրի իրականացման` եգիպտական ընկերութիւններու առջեւ լայն հնարաւորութիւններ ստեղծելով Երեւանի տարանցիկ առաւելութիւններէն օգտուելու համար: Այս մասին «Հայերն այսօր» -ին կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ գրասենեակէն: