Ֆրանսայի Նախագահը Պիտի Մասնակցի Միսաք Մանուշեանի Խումբի Յիշատակի Արարողութեան

Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Օլանտը ցանկութիւն  յայտնած է մասնակցելու փետրուար 21-ին կայանալիք` Միսաք Մանուշեանի խումբի գնդակահարման 70-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկին: Այդ մասին յայտնած է Հայոց ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Ֆրանսայի յանձնաժողովի նախագահ Ալեքսի Գովցեան ֆրանսահայ «Այբ» ռատիոկայանի եթերով:

Ամենամեայ այս ձեռնարկը  կը կազմակերպուի Ֆրանսայի հայ եւ հրեայ համայնքներու կողմէ` գրաւուած Ֆրանսայի մէջ նազիստական զօրքերու դէմ պայքար մղած եւ վերջիններուս կողմէ գնդակահարուած Միսաք Մանուշեանի եւ անոր խումբի 22 անդամներուն յարգանքի տուրք մատուցելու նպատակով: Այս տարի յարգանքի տուրքը առաջին անգամ պիտի մատուցուի երկրի բարձրագոյն մակարդակով եւ պետական արարողակարգով:

Փետրուար 21-ին Ֆրանսայի նախագահի մասնակցութեամբ Մանուշեանի խումբի յիշատակին նուիրուած արարողութեամբ սկիզբ պիտի դրուի Ֆրանսայի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ձեռնարկներու ծրագիրին:

Krikor Amirzayan

Scroll Up