Առաջաւորաց Պահք

Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ 2014թ. Տօնացոյցով փետրուար 10-էն, կը սկսի Հայ Եկեղեցւոյ առաջին պահքը, որ այդպէս ալ կը կոչուի` տարուան հերթականութեամբ առաջինը ըլլալուն համար` առաջաւորաց:  Այն սովորաբար կը շարունակուի 5 օր` երկուշաբթիէն մինչեւ ուրբաթ ներառեալ: Առաջաւորաց պահքը, որ հաստատուած է  սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչի ձեռամբ, յատուկ է միայն մեր Եկեղեցւոյ: Պահքի վերջին` ուրբաթ օրը Յովնան մարգարէի յիշատակի օրն է, իսկ անոր յաջորդող շաբաթ օրը աւանդաբար կը նշուի սբ. Սարգիսի  տօնը, որ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ առհասարակ մեր ժողովուրդի ամենասիրուած տօներէն մէկն է:

Այս տարի, սակայն, աւանդական կանոնէն փոքրիկ շեղում  կատարուած է. Առաջաւորաց պահքը կը շարունակուի ոչ թէ 5, այլ 4 օր, քանի որ պահքի 5-րդ օրը այս տարի կը համընկնի մեր Եկեղեցւոյ ամենասիրուած Տէրունական տօներէն մէկուն` Տեառնընդառաջի հետ, որ Եկեղեցին կը տօնէ, ըստ առաքելադիր սովորութեան, փետրուար 14-ին, այսինքն` Քրիստոսի Ծնունդէն ետք` 40-րդ օրը: Եւ քանի որ տօն օրերուն, մանաւանդ` Տէրունական, պահքն արգելուած է, Առաջաւորացն ալ այս տարի կ’ունենայ ոչ թէ 5, այլ 4 օրուան տեւողութիւն` փետրուար 10-էն մինչեւ 13: Յովնան մարգարէի յիշատակն ալ ոչ թէ 14-ին կ՛ըլլայ, այլ 13-ին` հինգշաբթի օրը: Իսկ սբ. Սարգիսի տօնը կը տօնակատարուի, ինչպէս միշտ, շաբաթ օրը, այս տարի` փետրուար 15-ին:

Նախաբան

Դարեր շարունակ Առաջաւորաց պահքը, յատկապէս պարզ ժողովուրդի կողմէ, շփոթուած է սբ. Սարգիսի տօնի հետ եւ թիւրիմացաբար անուանուած է սբ. Սարգիսի պահք:    այսինքն` ժողովուրդը մոռցած է յիշատակել Առաջաւորացը` յիշելով միայն սբ. Սարգիսին, եւ պահքն ալ անոր վերագրած է, որու պատճառով քոյր Եկեղեցիները, յատկապէս յոյները, վէճի առարկայ  դարձուցած են այն` դատապարտելով հայերը սուրբի անունով պահք ունենալու համար, որ ընդունուած չէ քրիստոնեայ Եկեղեցիներուն մէջ: Եւ մեր Եկեղեցւոյ հայրերն ալ պարբերաբար ստիպուած եղած են բացատրութիւններ տալ Առաջաւորացի եւ սբ. Սարգիսի մասին` ըսելով, որ անոնք իրար հետ կապ չունին: Եւ այնուամենայնիւ, այսօր ալ ոմանք այս պահքը կ՛անուանեն սբ. Սարգիսի պահք:

Պատմական ակնարկ

Աւանդութեան համաձայն` Խոր վիրապէն ելելէ ետք սբ. Գրիգորը Տիրոջ հրաշքով դարձի եկած Տրդատ արքային, հայոց մեծամեծերուն եւ ամբողջ ժողովուրդին, նախքան մկրտելը, 65 օր շարունակ Քրիստոսին ու Անոր հաւատքը կը քարոզէր եւ այդ օրերէն 5-ի ընթացքին պատուիրեց պահքով ապաշխարիլ: Այդ հինգ օրերուն ժողովուրդը իր արքային հետ ոչ միայն ինքզինք զրկած էր կերակուրներէ, այլեւ, ինչպէս կը պահանջէր իսկական եւ Աստուծոյ կողմէ ընդունելի պահքը, անկեղծօրէն կը զղջար իր նախկին հեթանոսական անբարոյ կեանքի եւ բոլոր տեսակի մեղքերու համար: Մանաւանդ` հայոց արքան, որ Քրիստոսի հաւատքի պատճառով սուրբ Գրիգորին, բազում տանջանքներու ենթարկելէ ետք, խաւար ու օձերով լեցուն Վիրապը նետած էր, իսկ Հռիփսիմեան կոյսերուն` չարչարելով սպաննած էր:

Այսպէս հաստատուեցաւ Առաջաւորաց պահքը կամ Առաջաւորքը` Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ առաջին պահքը: Հարկ է նշել, որ հին ժամանակներուն պահք ըսելով կը հասկնային  մեր այսօրուան ծոմը, այսինքն` ընդհանրապէս ոչինչ չէին ուտեր կամ կ՛ուտէին միայն սակաւ բանջարեղէն: Յետագային, սակայն, բանջարեղէնին աւելցան բուսական ծագումով այլ կերակուրներ, ինչպէս նաեւ մեղրը, եւ տարբերակի   մտաւ պահքի ու ծոմի միջեւ` ծոմը դարձնելով պահքի աւելի խիստ տեսակը: Այսօր հաւատացեալի կամքին ձգուած է  Առաջաւորաց պահքը պահելու կերպը` ծոմ թէ սովորական պահք:

Առաջաւորաց պահքը կը պահենք Սբ. Զատիկի տօնի շարժականութեան համաձայն`Մեծ պահքէն 3 եւ Զատկի տօնէն 10 շաբաթ առաջ, որ կը տեւէ 5 օր` երկուշաբթիէն մինչեւ ուրբաթ ներառեալ: Այս տարուան տօնացոյցով պահքը կը համընկնի յունուար 30-էն մինչեւ փետրուար 3 ինկած ժամանակահատուածը, իսկ սբ. Սարգիսի տօնը կը նշուի փետրուար 4-ին:

Ինչու  հինգ օր պահք կը պահե՞նք

Հայ Եկեղեցւոյ հայրերը այս հարցին մի քանի բացատրութիւն կու տան.

այ)     Ինչպէս ըսուեցաւ, սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչն ու ամբողջ հայ ժողովուրդը ապաշխարութեան պահքի մէջ եղան  5  օր:

բ)    Իւրաքանչիւր մարդ ունի 5 զգայարան ` տեսանելիք, լսելիք, հոտոտելիք, ճաշակելիք եւ շօշափելիք, որոնցմով կը մեղանչէ (մեղք կը գործէ), ուստի այս պահքի 5 օրերուն ընթացքին պիտի զղջայ իր կատարած  մեղքերուն համար, խոստովանի ատոնք Աստուծոյ եւ ջանայ այլեւս չմեղանչել:

գ)    Յայտնի է, որ Աստուած աշխարհ ստեղծեց 6 օրուան մէջ: Վեցերորդ օրը ստեղծեց մարդուն: Սակայն ո´չ մարդուն, ո´չ կենդանիներուն ուտելու հրաման դեռեւս չէր տուած: Այդ հրամանը(տե´ս  ծննդ. Ա 29-30) մարդուն եւ ամբողջ կենդանական աշխարհին տուաւ միայն 6-րդ օրը, այսինքն` 5 օր ետք:  ըստ այդմ` աշխարհի ստեղծման առաջին 5 օրը,  կարելի է ըսել, պահքի կամ ծոմի օրեր էին, քանի որ ոչ ոք ոչինչ չէր ուտեր:

դ)     ըստ եկեղեցական աւանդութեան` այս պահքը սահմանուած է նաեւ Մովսէսէն առաջ եղած նահապետներու կողմէ: Դրախտէն վտարուելէ ետք Ադամը 5 օր քաղցած մնաց: Անկէ սորվելով` անոր որդիներն ալ(Աբէլը, Սէթը) հինգօրեայ պահք պահեցին: Ենովքն ալ 5 օր պահք կը պահէր իւրաքանչիւր ամսամուտի: Իսկ Նոյն այս պահքը պահած է տապան մտնելէ առաջ եւ դուրս գալէ ետք: Հինգօրեայ պահք  պահած են նաեւ Աբրահամը, Յակոբն ու Յովսէփը: Եւ ըստ մեր Եկեղեցւոյ հայրերու բացատրութեան` Առաջաւորաց պահքի` նաեւ նահապետներէ սահմանուած ըլլալն է պատճառը,  որ այս պահքի առաջին 4 օրերուն ընթացքին Սբ. Գիրքէն` Աստուածաշունչէն,  ընթեցուածներ չի կարդացուիր Եկեղեցւոյ մէջ,  քանի որ պահքի հաստատուելու ժամանակ դեռ չէին գրուած ո´չ Հին Կտակարանի,  ո´չ ալ, առաւել եւս,  նոր Կտակարանի գիրքերը:

Առաջաւորաց պահքի վերջին`ուրբաթ օրը Յովնան մարգարէի( Ն.Ք. 8-րդ դար) յիշատակի օրն է. Եկեղեցւոյ մէջ կ՛ընթերցուի անոր գիրքը:

ինչպէս կը պատմէ Սուրբ Գիրքը, Աստուած, տեսնելով, որ Ասորեստանի Նինուէ քաղաքի բնակիչները ամբարշտացած են եւ օրէ օր կ՛աւելցնեն իրենց անօրինութիւնները, կը կամենայ քաղաքը կործանել: Սակայն բարեգութ ըլլալու պատճառով կործանումէն փրկուելու մէկ հնարաւորութիւն  կ՛ընձեռէ անոնց: Իր ծառաներէն մէկուն` Յովնան մարգարէին,  կը hրամայէ երթալ Նինուէ եւ բնակիչներուն ապաշխարութիւն քարոզել` յայտնելով անոնց,  որ եթէ զղջան իրենց գործած չարիքներուն համար ու դադրին անիրաւութիւններ գործելէ, քաղաքը կը փրկուի: Այլապէս հաշուած օրերէն Նինուէն պիտի կործանի: Յովնան կը կատարէ Տիրոջ պահանջը: Նինուէցիները կը հաւատան Յովնանի խօսքերուն, եւ բոլորը` մեծ թէ փոքր, քուրձ հագնելով, պահք կը պահեն: Անգամ թագաւորը, գահէն իջնելով եւ իր թագաւորական զգեստները հանելով ու քուրձ հագնելով, կը նստի մոխիրի վրայ եւ ապաշխարութեան ուղերձ կը յղէ բոլոր նինուէցիներուն: Այսպէսով, Աստուած կը տեսնէ անոնց ապաշխարութիւնը եւ կործանումէ կը փրկէ  քաղաքը:

Ի՞նչ Կ՛ուսուցանէ Մեզի Այս Պատմութիւնը

Միայն եւ միայն մէկ բան. Աստուած մեզմէ կը պահանջէ  ճշմարիտ  ապաշխարութիւն:Ապաշխարութեան կոչով Քրիստոս սկսաւ Իր քարոզչութիւնը եւ այն օրէն ի վեր` արդէն շուրջ 2000 տարի, կը շարունակէ նոյն կոչով դիմել մեզ: Հեթանոս նինուէցիները,  թագաւորով հանդերձ, հաւատացին իրենց թշնամիի երկրէն եկած մարգարէի շուրթերով ըսուած Աստուծոյ խօսքը, ապաշխարեցին, եւ Աստուած կործանումէն փրկեց անոնց քաղաքը: Հեթանոս Տրդատ արքան եւ հայ ժողովուրդը հաւատացին սուրբ Գրիգորի քարոզած միակ ճշմարիտ Աստուծոյ, ապաշխարեցին եւ Փրկիչի ճշմարիտ հաւատքի Լոյսը ընդունեցին իրենց սրտերուն մէջ: Այսօր ալ մեր ժողովուրդի զաւակներու ստուար  հատուած մը, որ , ցաւօք, անունով միայն քրիստոնեայ մնացած է  , կարիք ունի ճշմարիտ ապաշխարութեան, եթէ իսկապէս կը կամենայ ինքզինքը ու իր երկիրը փրկել կործանումէ եւ ազատիլ այն աննախանձելի վիճակէն:

Առաջաւորաց պահքը, ուրեմն, պատեհ  առիթ մըն է, որ այժմ, թէկուզ 5 օրով մտովի տեղափոխուինք 1700 տարի առաջ, երբ սուրբ Լուսաւորիչը ժողովուրդին մկրտելէ եւ վերջնականօրէն դարձի բերելէ առաջ 5-օրեայ պահքով ապաշխարութիւն նշանակեց:

Մայր Եկեղեցին կը հրահանգէ, որ այս հինգ օրերուն ընթացքին ժամանակ գտնենք ինքնաքննութեան, յիշենք մեր մեղքերը, զղջանք ատոնց համար եւ թողութիւն խնդրենք Տիրոջմէ` այլեւս ատոնք չկատարելու կամքով ու վճռականութեամբ: Մայր Եկեղեցին նաեւ կը յիշեցնէ ողորմութեան գործեր կատարել` ամէն մէկս մեր կարողութեան չափով. աւելի ուշադիր նայինք`  մեր շուրջը, մեր կողքին կամ նոյնիսկ մեր ընտանիքէն ներս չկա՞ն արդեօք անտեսուած ու մոռցուած մարդիկ, որոնք գոնէ անկեղծ ժպիտի մը կարիքը ունին, որ դժուար չէ պարգեւել, եթէ աւելին ընելու կարողութիւնը չունինք: Կամ` արդեօք ներա՞ծ ենք մեզի հանդէպ մեղանչածներուն կամ մենք ըրա՞ծ ենք առաջին քայլը` հաշտուելու անոնց հետ, որու հանդէպ անարդար  եղած ենք… Առանց այս ամէնուն չկայ ո´չ  ճշմարիտ պահք,  ո´չ ալ ապաշխարութիւն:

Եկեղեցւոյ սուրբ հայրերը կը յորդորեն նաեւ աղօթել. աղօթել ոչ միայն մեր անձերուն, այլեւ մեր հարազատներուն,  ընկերներուն, մերձաւորներուն եւ հեռաւորներուն , մեր ողջ ժողովուրդին, անոր հոգեւոր ու աշխարհիկ պաշտօնեաներուն, վերջապէս` ամբողջ աշխարհի համար, ինչպէս կը պատուիրէ Սուրբ Գիրքը: Մեր այսպիսի կեցուածքը տեսնելով, մեր այսպիսի սիրտը տեսնելով` «Աստուած կը գթայ, Իր բարկութիւնը մեզմէ կը հեռացնէ, եւ կործանումէ կը փրկուինք» (Հովն. Գ 9):

Պատրաստեց  Հայկ Կարապետեան

Scroll Up