Իրանցիներու Նոր Գիւտը Հայաստանի Գիւղատնտեսութեան Մեծ Արդիւնքներ Կը Խոստանայ
Իրանցի գիւտարարներու ստեղծած գործարանական նոր նիւթը` «Ալքազոթ փլաս»-ը, որ կը փոխարինէ քիմիական պարարտանիւթերուն, պիտի կիրառուի Հայաստանի մէջ եւ պիտի նպաստէ գիւղատնտեսութեան զարգացման, այս մասին այսօր «Ալքազոթ փլաս»–ը ներկայացնելու ժամանակ ըսաւ Հայաստանի մէջ այդ նիւթի արտադրութեամբ զբաղող «Արմէն Պիոթեք» ՍՊԸ տնօրէն Սիամաք Ալիզատեհը:
Գիւտի հեղինակները կը խոստանան ատոր միջոցով ստանալ մշակաբոյսերու աւելի մեծ արդիւնք` քիմիական պարարտանիւթերէն մօտ 40%-50% աւելի աժան գիներով:
«Արմէն Պիոթեք» ՍՊԸ–ը մօտ 15 տարի Իրանի մէջ կը զբաղի պարարտանիւթերու արտադրութեամբ, եւ ուսումնասիրելով համաշխարհային շուկան` իրենք յարմարաւէտ գտած են Հայաստանի մէջ կազմակերպել այդ արտադրութիւնը: Այդ պատճառով ալ անցած տարուան ամրան իրենց ընկերութիւնը գրանցած են Հայաստանի մէջ:
«Մենք արդէն Աբովեանի մէջ արտադրութիւն կազմակերպած ենք, մեր արտադրութեամբ կը կարենանք ինչ-որ տնտեսական օգուտներ բերել Հայաստանին»,- ըսաւ ան:
Խօսելով նիւթին մասին` ընկերութեան տնօրէնը տեղեկացուց, որ այն ցանքի ժամանակ սերմի հետ կը կիրառեն, քանի ատոր մանրէները արմատներու վրայ կը հիմնաւորուին եւ կրնան օգտագործել օդին մէջ եղած ազոտը եւ այդպիսով օգտակար ըլլալ բոյսին:
Սիամաք Ալիզատեհը բացատրեց, որ բոյսը լաւ աճեցնելու համար այս նիւթի շնորհիւ արդէն կարիք չըլլար օգտուիլ քիմիական ազոտական պարարտանիւթերէն:
Ընկերութեան փոխտնօրէն Վահիկ Նայիրեանն ալ ըսաւ, որ այս տեխնոլոգիան կ’օգնէ բոյսին ստանալ պարարտ նիւթեր օդէն, հողէն: Ատոր մէկ սրուակը համարժէք է երեք պարկ քիմիական պարարտանիւթի:
«Ամբողջ աշխարհ կ’երթայ դէպի գործարանական արտադրութիւն, եւ այս կերպ մինչեւ 20-25% տնտեսական արդիւնաւէտութիւն կ’ակնկալուի»,- ըսաւ ան` վստահեցնելով, որ Հայաստանի բոլոր մարզերուն մէջ պիտի սահմանեն գնային նոյն քաղաքականութիւնը:
Վանիկ Նայիրեան նաեւ նշեց, որ ստեղծուած գործարանական պարարտանիւթը արդէն ջերմոցներու մէջ փորձնական կիրառած են, եւ արդէն շատ լաւ արդիւնքներ կը գրանցուին:
http://www.tert.am/