Նոր Օրինագիծի Համաձայն` Ախալցխան Կը Դառնայ Ինքնակառավարման Քաղաք

Երէկ Վրաստանի խորհրդարանը երրորդ ընթերցմամբ ընդունած է ինքնակառավարման մարմիններու վերաբերեալ նոր օրինագիծ: Նոր օրինագիծի համաձայն` միայն այն քաղաքները, որոնք կը համարուին շրջանային կեդրոններ, պիտի ունենան ինքնակառավարման կարգավիճակ:
Ինքնակառավարման իրաւունք ստացած քաղաքներու շարքին է նաեւ Սամցխէ-Ջաւախք տարածաշրջանի կեդրոն Ախալցխա քաղաքը, ուր ներկայ դրութեամբ հայերը կը կազմեն մօտ 40%.:
Նոր օրինագիծի համաձայն` քաղաքապետի պաշտօնը Ախալցխայի մէջ կը դառնայ ընտրովի:
akhaltskha.net