Ռումանիոյ Հայերու Հանդիպումը Զուիցերիոյ Դեսպանին Հետ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/02/192606.jpg)
Ռումանիոյ Հայ դատի գրասենեակը Ռումանիոյ մէջ հայ առաքելական եկեղեցւոյ առաջնորդ, եպիսկոպոս Տաթեւ Յակոբեանի հետ համատեղ հանդիպում ունեցած է Զուիցերիոյ դեսպան Ժան Իւբեր Լեպէի հետ: Այդ մասին կը գրէ «Asbarez»-ը: Հանդիպման նպատակն էր դեսպանին հասցնել անհրաժեշտութիւնը այն մասին, որ Զուիցերիոյ կառավարութիւնը պէտք է բողոքարկէ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի որոշումը կապուած թուրք քաղաքական գործիչ Տողու Փէրինչէքի հետ:
Հանդիպման ընթացքին, որուն ներկայ էր նաեւ Ռումանիոյ մէջ խորհրդարանի անդամ Վարուժան Փամբուկչեան, կրկին քննարկուած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման կարեւորութիւնը: Մասնակիցներն իրենց բողոքը արտայայտած են ընդդէմ Փէրինչէքի գործով կայացուած որոշման: Բողոքը ներկայացուած է նամակի տեսքով, որ փոխանցած են դեսպանին, որ իր մտահոգութիւնը յայտնած է տուեալ հարցի վերաբերեալ:
Յիշեցնենք, որ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը բաւարարած է հակահայ թուրք գործիչ Տողու Փէրինչէքի հայցն ընդդէմ Զուիցերիոյ` որոշումը հիմնաւորելով խօսքի ազատութեան սկզբունքով: Թուրքիոյ աշխատաւորական կուսակցութեան նախագահ Տողու Փէրինչէքը 2008թ.-ին Զուիցերիոյ մէջ դատապարտուած էր Հայոց ցեղասպանութեան հրապարակային ժխտման համար:
NEWS.am