Քալիֆորնիոյ Օրէնսդիր Ժողովին Հայոց Ցեղասպանութեան Ուսուցման Վերաբերեալ Նոր Օրինագիծ Առաջարկուած Է
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/02/196091.jpg)
Ամերիկեան Քալիֆորնիա նահանգի օրէնսդիր ժողովի անդամներ Ատրին Նազարեանն ու Խաչօ Աչաջեանը նոր օրինագիծ առաջարկած են Քալիֆորնիոյ դպրոցներուն մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան թեմայի ուսուցման վերաբերեալ: Այդ մասին կը գրէ «Asbarez»-ը:
Նոր օրինագիծը(AB 1915) կը պահանջէ Հայոց ցեղասպանութեան թեման ընդգրկել դպրոցներու 7-12-րդ դասարաններու հասարակական գիտութիւններու բնագաւառին մէջ ուսուցանուող նիւթերու շարքին: Օրինագիծը կը պահանջէ Կրթութեան բաժանմունքէն տուեալ թեման ներառել իր հրապարակումներուն եւ ուսումնական նիւթերուն մէջ:
Այս պահին Քալիֆորնիան մէկն է այն 11 նահանգներէն, որոնք Հայոց ցեղասպանութեան թեման ներառած են իրենց կրթական ծրագիրներուն: Քալիֆորնիոյ ուսումնական ծրագիրին մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը առաջարկուող թեմա է, սակայն դպրոցները պարտաւոր չեն հետեւելու այդ տիպական ուսումնական ծրագիրին:
Ատրիան Նազարեանի եւ Խաչօ Աչաջեանի առաջարկած օրինագիծը կ’ընդգծէ անոնց հակուածութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան թեմայի ուսուցման համակարգային մօտեցման ձեռք բերման հանդէպ: Նախորդ օրինագիծի (AB 659) հետ միասին նոր փաստաթուղթը կը կազմէ մարդու իրաւունքներու ուսուցման օրնագիծերու փաթեթը:
Նշենք, որ նախորդ օրինագիծը կոչ կ’ընէր կրթութեան բաժանմունքին ուսումնական ծրագիրին մէջ ներառել ականատեսներու բանաւոր վկայութիւնները ցեղասպանութիւններու որոշակի դէպքերու մասին, ինչպէս Հայաստանի, Քամպոտիոյ, Տարֆուրի եւ Ռուանտայի մէջ: Օրինագիծը միաձայն ընդունուած էր օրէնսդիր մարմինի կոմիտէներու կողմէ ու Օրէնսդիր մարմինի կողմէ: Կը մնայ միայն, որ այն քննարկեն նահանգի Խորհրդարանին մէջ:
NEWS.am