«ՍՓԻՒՌՔ ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԴՊՐՈՑ»- 2014
Սփիւռքի հայ համայնքներու մէջ ազգային ինքնութեան պահպանման ու զօրացման, երիտասարդներու մօտ հայոց լեզուի իմացութեան մակարդակի բարձրացման, Սփիւռքի ԶԼՄ-ներու գործունէութեան, ինչպէս նաեւ համայնքներու ինքնակազմակերպման աջակցութեան նպատակով ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը Երեւանի պետական համալսարանի հիմքի վրայ 2014 թ. Կը կազմակերպէ «Սփիւռք» ամառնային դպրոց:
«Սփիւռք» ամառնային դպրոցին մէջ պիտի գործեն դասընթացներ վեց ուղղութիւններով.
1. Հայոց լեզուի արագացուած դասընթացք
2. Ազգային երգի ու պարի խմբավարներու, պարուսոյցներու վարպետութեան դասընթացներ
3. Կրթօճախներու տնօրէններու, կազմակերպիչներու եւ ուսուցիչներու վերապատրաստում
4. Սփիւռքահայ երիտասարդ առաջնորդներու դասընթացք
5. Սփիւռքի լրագրողներու դասընթացք
6. Սփիւռքի հայ համայնքներու աշխատակիցներու համար կազմակերպուող դասընթացք:
ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒԻ ԱՐԱԳԱՑՈՒԱԾ ՈՒՍՈՒՑՈՒՄ
7 ՅՈՒԼԻՍ – 2 ՕԳՈՍՏՈՍ
Հայոց լեզուի ուսուցումը կ’իրականացուի`
Լեզուական իմացութեան երեք մակարդակով (լեզուին չտիրապետողներու, ցածր եւ միջին իմացութեամբ) խումբերու` արեւելահայերէն ու արեւմտահայերէն:
Դասընթացներուն կը դասաւանդեն hանրապետութեան եւ սփիւռքի յայտնի լեզուաբան-մանկավարժներ: Մայրենիի ուսուցման ընթացքը կը զուգակցուի տեսական-գործնական դասընթացներով, հետեւողնրը հնարաւորութիւն կ’ունենան տարբեր միջավայրերու մէջ մայրենի լեզուով հաղորդակցելու, լեզուի ուսուցման ժամանակակից տեխնիկական միջոցներէն օգտուելու: Երեքշաբաթեայ դասընթացներուն կրնան մասնակցիլ սփիւռքահայեր` առանց տարիքային սահմանափակման:
ՍՓԻՒՌՔԻ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱՊԱՏՐԱՍՏՄԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՆԵՐ
14 ՅՈՒԼԻՍ – 2 ՕԳՈՍՏՈՍ
Սփիւռքի ուսուցիչներու վերապատրաստման կրնան մասնակցիլ Սփիւռքի ազգային վարժարաններու, ամենօրեայ եւ մէկօրեայ դպրոցներու տնօրէններ, ուսուցիչներ, կրթական գործի կազմակերպիչներ: Ծրագիրի ընթացքին նախապատուութիւն պիտի տրուի գործնական դասընթացներուն, ուսումնական, արտադասարանական եւ դաստիարակչական աշխատանքներու կազմակերպման ուղղութեամբ փորձի փոխանակման, հայաստանեան կրթօճախներու մասնագէտներու եւ մանկավարժներու հետ համատեղ ծրագիրներու մշակման: Ծրագիրը կ’իրականացուի Երեւանի պետական համալսարանի, Խ. Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի դասախօսներու, հանրապետութեան փորձառու մանկավարժներու մասնակցութեամբ: Կը քննարկուին Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման ծիրէն ներս, համայնքներէն ներս հայապահպանական ծրագիրներու իրականացման գործին մէջ սփիւռքի կրթօճախներու դերակատարութեան բարձրացման հարցեր:
ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԳԻ ՈՒ ՊԱՐԻ ԴԱՍԸՆԹԱՑՆԵՐ
21 ՅՈՒԼԻՍ – 2 ՕԳՈՍՏՈՍ
Ազգային երգի ու պարի խմբավարներու, պարուսոյցներու վարպետութեան դասընթացներու նպատակը սփիւռքի երգչախումբերու խմբավարներուն, երաժշտութեան ուսուցիչներուն, պարուսոյցներուն ծանօթացնելն է հայկական երգերու ու պարերու իւրայատկութեան, գաղափարական ուղղուածութեան, պատմական նշանակութեան, մշակման եղանակներուն, կառուցուածքային դասակարգման եւ աւանդաբար ժառանգուած ժողովրդական պարանմուշներուն, երգ-երաժշտութեան: Դասընթացները կը վարեն հանրապետութեան յայտնի երաժշտագէտներ, պարուսոյցներ:
ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ
21 ՅՈՒԼԻՍ – 2 ՕԳՈՍՏՈՍ
Երիտասարդ առաջնորդներու դպրոցին կրնան մասնակցիլ սփիւռքի երիտասարդական կազմակերպութիւններու 20-30 տարեկան ղեկավարներ եւ հայկական կառոյցներու երիտասարդ ներկայացուցիչներ:
Դպրոցի նպատակն է`
– Սփիւռքի հայ երիտասարդ առաջնորդներուն համար ստեղծել փոխադարձ ճանաչողութեան դաշտ, կապել հայրենիքին, ծանօթացնել նախարարութեան համակարգին, ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան առանձնայատկութիւններուն, կազմակերպել հանդիպումներ պետական իշխանութեան համակարգի ներկայացուցիչներու, ԶԼՄ-ներու հետ, մշակել յետագայ համագործակցութեան ձեւեր եւ միջոցներ:
– Քննարկել Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման հեռանկարներն ու ձեւերը` հայապահպանութեան, հայ համայնքներէն ներս ազգային ինքնութեան պահպանման ու զարգացման, ձուլման դէմ պայքարի հարցերը:
– համատեղ քննարկումներու, երկխօսութեան արդիւնքով առաջարկել հայկական համայնքներէն ներս արդիւնաւէտ կառավարման կառուցակարգերու ներդրման, երիտասարդներու աշխոյժ ներգրաւման ձեւեր եւ միջոցներ, ստեղծել անոնց աշխուժացման, հայրենիքի հետ սերտ կապերու հաստատման համար ամուր հիմքեր:
ՍՓԻՒՌՔԻ ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ
21 ՅՈՒԼԻՍ – 2 ՕԳՈՍՏՈՍ
Սփիւռքի լրագրողներու դպրոցին մէջ կը վերապատրաստուին Սփիւռքի ինչպէս հայկական ԶԼՄ-ներու աշխատող, այնպէս ալ համայնքներու կողմէ երաշխաւորուած լրագրողներ, որոնք կը պատրաստուին աշխատիլ տուեալ համայնքի ԶԼՄ-ի մէջ: Ծրագիրը կ’իրականացուի «Հայ-թրքական յարաբերութիւններն արդի փուլին մէջ», «Հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններ» եւ «Ցեղասպանագիտութիւն» թեմատիկ խումբերու մէջ: Դասընթացներուն սփիւռքի լրագրողները հնարաւորութիւն կ’ունենան տեսական եւ գործնական գիտելիքներ ստանալ Հայաստանի եւ Սփիւռքի ճանչցուած եւ բազմափորձ լրագրողներէ, պետական-հասարակական գործիչներէ, ծանօթանալ Հայաստանի ներքին եւ արտաքին քաղաքական հիմնախնդիրներուն, ներկայ ըլլալ համահայկական նշանակութեան խնդիրներուն նուիրուած դասախօսութիւններու:
ՍՓԻՒՌՔԻ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԳՈՐԾԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԻՉՆԵՐՈՒ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ
27 ՅՈՒԼԻՍ – 2 ՕԳՈՍՏՈՍ
Դասընթացքի նպատակն է աջակցիլ Սփիւռքի հայկական, համայնքային կառոյցներու կայացման, հայապահպանական ծրագիրներու աշխուժացման, համայնքային գործի կազմակերպիչներու պատրաստուածութեան բարձրացման, Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման, համայնքներու ինքնակառավարման գործընթացներու, հայ ինքնութեան պահպանման, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրներու իրականացման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն աշխոյժ մասնակցութեան ապահովման:
Սփիւռքեան համայնքներու աշխատակիցներու համար կազմակերպուող դասընթացքին կրնան մասնակցիլ համայնքային կազմակերպութիւններու ղեկավարները, խորհուրդներու անդամները, համայնքներու մէջ առնուազն 1 տարուան աշխատանքային փորձ ունեցող աշխատակիցները, ինչպէս նաեւ` համայնքային կեանքէն ներս աշխոյժ ներգրաւուած երիտասարդները: Դասընթացները կը նպաստեն համայնքներու աշխատակիցներու դերի բարձրացման:
Դասընթացներու մասնակիցներուն համար բացի տեսական ու գործնական դասընթացներէն, կը կազմակերպուին մշակութային ձեռնարկներ, այցելութիւններ Հայաստանի պատմական ու տեսարժան վայրեր, հանդիպումներ պետական, հասարակական, մշակոյթի գործիչներու հետ:
Դասընթացները կ’իրականացուին հայերէնով:
Ճանապարհածախսը կը հոգան մասնակիցները:
Խումբերու դասընթացներու կազմակերպման, մասնակիցներու համար մշակութային ձեռնարկներու, շրջայցերու, մասամբ նաեւ սնունդի ծախսերը կը հոգայ ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը:
Կարիք ունեցողները կ’ապահովուին գիշերակացով` ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հաշուին:
Փափաքողներուն կը խնդրենք մինչեւ 2014 թ. մայիս 30 ներկայացնել համապատասխան յայտեր (յայտաձեւերը կցուած են) ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւն հետեւեալ հասցէով` ք. Երեւան, Վազգէն Սարգսեան, 26/1:
E-mail: allarmenian@mindiaspora.am, gitakrtakan.diaspora@yandex.com,
gitakrtakan-diaspora@mail.ru, mshakuyt.diaspora@mail.ru, info@mindiaspora.am, press@mindiaspora.am կամ զանգահարել +37410 58-56-01 (117):
«Սփիւռք» ամառնային դպրոցի մասին տեղեկատուութիւնը, դասընթացներու մասնակցութեան յայտերը զետեղուած են նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կայքէջին` www.mindiaspora.am եւ «Հայերն այսօր»` www.hayernaysor.am էլեկտրոնային թերթին մէջ:
ՀՀ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
ԵՐԵՒԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆ
5.Application-EritasardArajnordner
7.Application-HamaynqayinGorciKazmakerpich