Սիպիլի «Սէրը»
Փետրուար 11-ին պոլսահայ սիրուած երգչուհի Սիպիլը (Սիպիլ Փեքթորոսօղլու) պիտի թողարկէ իր երկրորդ ձայնասկաւառակը «Սէր» (LOVE) վերտառութեամբ:
Ալպոմին մէջ ընդգրկուած են 12 երգեր, որոնցմէ 7-ը նոր երգեր են: Ատոնցմէ 11-ը հայերէն են, մէկը` Ma Hollema (Մինչեւ ե՞րբ), արամէրէն լեզուով:
Ձայնասկաւառակի թողարկման ընթացքին Սիպիլը համագործակցած է յայտնի տուտուկահար Ջիւան Գասպարեանի, երգահան Արա Գէորգեանի, Անտրէի, «Արեւներ» խումբի, ինչպէս նաեւ հայաստանեան 15 յայտնի երգիչներու եւ յոյն երաժիշտ Փետրոյի հետ:
Նոր երգերու հեղինակը ճանչցուած երգահան Մաժակ Թոշիկեանն է, մէկ երգի երաժշտութիւնը գրած է Արա Գէորգեան: Իսկ խօսքերը հեղինակած են Մաքրուհի Յակոբեանը, Աւետ Բարսեղեանը, Արթուր Սաֆարեանը:
Սկաւառակին մէջ ընդգրկուած է «Աւետեաց երկիր» երգի ռեմիքս տարբերակը, որ Սիպիլին նուիրած է թուրք ճանչցուած երաժիշտ Մերճան Տետէն:
«Այս գիշեր» երգի հիման վրայ նկարահանուած է տեսահոլովակ, որ շուտով եթեր կը հեռարձակուի:
«Ալպոմիս անունը ցանկացայ «Սէր» կոչել, քանի որ աշխարհի ամենաուժեղ զգացումն է սէրը. սիրոյ մասին շատ երգեր, շատ պատմութիւններ գրուած են: Ես ալպոմս մէկ անձի համար «Սէր» չկոչեցի: Ցանկացայ, որ այն սէր բերէ բոլոր մարդոց` անկախ մաշկի գոյնէն, կրօնէն եւ ազգային պատկանելութենէն»,- «Հայերն այսօրի» թղթակիցին ըսած է Սիպիլը:
Շնորհաւորենք Սիպիլին ու մաղթենք, որ ալպոմին մէջ ընգգրուած երգերը սէր բերեն բոլոր մարդոց, իսկ այդ սիրոյ արձանգանքները «հնչեն» սիրուած երգչուհիի հոգիին:
Յիշեցնենք, որ 2011 թուականին պոլսահայ երգչուհի Սիպիլի հայերէն «Նամակ» երգի տեսահոլովակը մեծ աղմուկ բարձրացուց եւ ցուցադրուեցաւ Թուրքիոյ առաջատար հեռուստաընկերութիւններով: Առաջին անգամ ըլլալով` Թուրքիոյ հեռուստաընկերութիւններով հնչեց հայկական երգ:
Իսկ նոյն տարուան օգոստոս 13-ին առաջին անգամ սթամպուլահայ երգչուհի Սիպիլ Փեքթորոսօղլուի գեղեցիկ կատարումը հնչեց արդէն Հայաստանի մէջ:
Սիպիլի հետ «Հայերն այսօր»-ի հարցազրոյցը` յառաջիկայ օրերուն…