Հայաստանի Դեսպանը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/01/IMG_0222-720x540-300x225.jpg)
Կիրակի, 26 յունուար 2014-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեանը: Վեհափառ հայրապետին եւ դեսպանին հանդիպման առանցքը դարձան Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առնչուած ծրագիրները եւ Հայաստան-սփիւռք գործակցութիւնը աւելի ամրապնդելու կարելիութիւնները:
Այս առիթով վեհափառ հայրապետը նաեւ տեղեակ պահեց դեսպանը «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին նախօրեակին Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած քրիստոնէական համագումարի արդիւնքներուն եւ այդ առիթով իր ունեցած հանդիպումներուն մասին:
http://www.aztagdaily.com/