40 Հայաստանցի Երեխաներ Իրենց Ձմեռնային Արձակուրդները Կ’իրականացնեն Հոլանտայի Մէջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/01/unnamed-26.jpg)
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը տեղեկացնէ Հոլանտայի մէջ մեր կայքի թղթակիցը, յունուար 19-ին Ալմելոյի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Գալուստ Կիւլպէնկեան սրահին մէջ հիւրընկալուած էին Հայաստանէն ժամանած երեխաներ` թիւով 20 հոգի, որոնցմէ 15-ը` Գիւմրիի անապահով ընտանիքներէն, եւ 5-ը` Վանաձորի մանկատան երեխաներ են:
Երեխաները իրենց ձմեռնային արձակուրդները կ’իրականացնեն Հոլանտանի մէջ յունուար 7-էն մինչեւ փետրուար 2` Pax kinderhulp կազմակերպութեան ֆինանսաւորման եւ օժանդակութեան շնորհիւ:
Հանդիպումը երեխաներուն հետ կազմակերպած էին Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ վարչութիւնը, Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւնը (ՀՄԸՄ) եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ):
Սկիզբը երեխաները ներկայ գտնուեցան կիրակնօրեայ սբ. Պատարագին, որմէ ետք տեղի ունեցաւ համերգ` հոլանտահայ երգիչ-երաժիշտներու մասնակցութեամբ:
Երեխաները հնարաւորութիւն ունեցան ծանօթանալու եւ ընկերանալու իրենց հասակակից հոլանտահայ երեխաներու հետ:
Հանդիպումը աւարտեց ճաշկերոյթով, որուն ընթացքին երեխաները ստացան բազմաթիւ նուէրներ:
Ներկայիս Հոլանտայի մէջ կը գտնուին 40 հայաստանցի երեխաներ, որոնցմէ 20-ը Վարդենիսի մօտակայ գիւղերէն են:
Մանուկ Մկրտչեան
Ալմելօ, Հոլանտա